Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստան. Շաբաթը Միայն 3 Ժամ Վիտէօ-Խաղ

Սեպտեմբեր 25, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, թէ Չինաստանը որոշումը տուած է սահմանափակելու վիտէօ-խաղերով զբաղելու ժամերը կրտսերներուն համար…

Այս ձեւով, 18 տարեկանէն վար բոլորը իրաւունք ունին միայն մէկ ժամ խաղալու վիտէօ-խաղեր… ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, այսինքն` շաբաթական 3 ժամ միայն: 18 տարեկանէն վար բոլոր չինացիները այս օրէնքին սկսան հետեւիլ սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ: Այս խիստ որոշումին կողքին, անոնք իրաւունք ունին խաղալու իրիկուան ժամը 8-9: Բարեբախտաբար այս պայմանները կը մեղմանան արձակուրդներուն ընթացքին, երբ կարելի է վիտէօ-խաղեր խաղալ օրական մէկ ժամ:

2019 թուականէն սկսեալ արդէն Չինաստանը կարգաւորած էր չինացի մանուկներուն խաղի ժամերը. անոնք իրաւունք ունին խաղալու օրական առաւելագոյնը 90 վայրկեան, 3 ժամ` շաբաթավերջերուն, եւ միայն` իրիկուան ժամը 10-էն առտուայ ժամը 8-ի միջեւ: Հետեւաբար պետութիւնը որոշած է ա՛լ աւելի խիստ ըլլալ: Երկրին ղեկավարները կը բացատրեն, որ չափազանց վիտէօ-խաղեր խաղալը կրնայ շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ. մանուկներուն աչքերը կը վնասուին, եւ անոնց տեսողութիւնը կը տկարանայ: Անոնք կը դադրին բաւականաչափ մարզանք ընելէ, եւ անոնց դպրոցական արդիւնքները կը նահանջեն: Իսկ խաղերուն աւելի «կառչած» անձերուն պարագային, ժամանակի ընթացքին խաղը կրնայ զանոնք ամբողջովին «կախեալ» դարձնել: Այս ձեւով, խաղացողը պէտքը կը զգայ միշտ աւելի խաղալ, եւ այդ պահանջը ամէն ինչէ աւելի զօրաւոր կ՛ըլլայ: Ան կը մոռնայ` դուրս ելլել, աշխատիլ, յարաբերութիւններ հաստատել շուրջիններուն հետ եւ այլն…

Չինական այս նոր սահմանափակումները ուղղուած են միայն համացանցի վրայի խաղերուն, որոնք մեծամասնութիւն են: Թիրախաւորուած գլխաւոր խաղերն են «Հոնըր աֆ քինկզ», որ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող եւ բազմաթիւ խաղացողներով խաղն է. ունի օրական 100 միլիոն խաղացողներ, որոնց մէջ կը գտնուին մեծ թիւով մանուկներ եւ պատանիներ: Մենք կրնանք մտածել, որ այս անչափահասներուն համար դիւրին պիտի ըլլայ շրջանցել այս նոր արգելքները: Սակայն ասիկա դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ այսուհետեւ խաղին կապուելու համար պէտք է անձնաթուղթ ցոյց տալ: Եւ այս երկրին մէջ, ուր շատ բարդ արհեստագիտութիւններ մօտէն կը հսկեն ժողովուրդը, դժուար է խուսափիլ ստուգումներէն…

Մարդկութեան Մասին

– 1800 թուականներուն աշխարհի բնակչութիւնը մէկ միլիառ էր:

– 1930-ական թուականներուն այս թիւը հասաւ 2 միլիառի, իսկ 1999-ին` շուրջ 6 միլիառի:

– Մասնագէտները կը մտածեն, թէ 2011-ի հոկտեմբերին է, որ աշխարհի բնակչութեան թիւը հասաւ 7 միլիառի:

– եւ հաւանաբար 2045-ի շուրջ մենք հասած պիտի ըլլանք 9 միլիառի:

– 7 միլիառ բնակչութիւնը նկատի առած` աշխարհի վրայ կը խօսուի 7000 տարբեր լեզու:

– Աշխարհի բնակչութիւնը կ՛ապրի 194 երկիրներու մէջ բաժնուած:

– Աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը կ՛ապրի Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ:

– 2012 թուականին «Ֆորպ՛զ» թերթը նշած է Քաթարը իբրեւ աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրը:

– Չինաստանը աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրն է (1.398 միլիառ). Հնդկաստանը կու գայ երկրորդ կարգին (1.366 միլիառ)

– Եթէ մենք եօթը միլիառ քայլ առնենք, աշխարհին շուրջ 133 անգամ դարձած պիտի ըլլանք:

Հնաբանութիւն

 7000 Տարեկան Պարմանուհի Մը

Հնաբանները զայն անուանեցին Պեսսէ: Ան հաւանաբար 17 կամ 18 տարեկան էր եւ ապրած էր 7200 տարիներ առաջ: Հնաբանները անոր կմախքը գտած են Ինտոնեզիոյ քարայրի մը մէջ` Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ միջեւ կղզիի մը վրայ:

Անոր ոսկորներուն մէջ գիտնականները գտած են անձին Տի. Էյ. Էն.-ը, որ կը բնորոշէ գոյնը աչքերուն, մորթին, մազերուն, հասակը եւ այլն…

Բջիջին մէջ գտնուող այս մասնիկն է, որ իւրաքանչիւր անձ իւրայատուկ կը դարձնէ: Պեսսէի Տի. Էն. Էյ.ին մէջ հնաբանները կրցած են գտնել եւ ճանչնալ տարբեր ծագումներու հետքեր: Այս նախահայրերը հաւանաբար մաս կը կազմէին մարդ արարածներու առաջին խումբերուն, որոնք Ինտոնեզիա մնացած են, եւ ապա անցած են Աւստրալիա եւ Նիւ Կինէա` աւելի քան 50 հազար տարիներ առաջ:

Սակայն Պեսսէ իր Տի. Էն. Էյ.ին մէջ նաեւ ասիական բաժիններ: Մինչեւ հիմա մենք գիտէինք, թէ Թայուանի ագարակապանները եկած էին Ինտոնեզիայէն, մօտաւորապէս 3000 տարիներ առաջ: Պեսսէի շնորհիւ` այժմ մենք գիտենք, թէ ասիական տարածքներու բնակիչներ շատ աւելի առաջ արդէն ճամբորդած էին եւ հասած մինչեւ այդ կղզիները: Պեսսէի ցեղախումբը տակաւին շատ խորհրդաւոր է, սակայն երիտասարդուհին տակաւին չէ յայտնաբերած իր բոլոր գաղտնիքները:

Գիտէիր, Թէ…

– Արդի մարդ արարածը ապրած է Ափրիկէի մէջ մօտաւորապէս 100 հազար տարիներ առաջ եւ ապա գաղթած է աշխարհի չորս կողմերը, բացի Անթարքթիքայէն:

– Մեր նախահայրերէն խումբեր ովկիանոսներ կտրած են լաստանաւերով կամ նաւակներով եւ գտած են նոր շրջաններ:
Այս ձեւով, Աւստրալիա առաջին անգամ բնակուած էր 600 հազար տարիներ առաջ:

– Գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն մեր նախահայրերուն ծնօտներն ու ակռաները` ծանօթանալու համար մարդկութեան ընտանիքի մեծ ծառին:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1-109` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել տուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր կատուի նախասիրած ժամանցը:
Կրնա՞ս գտնել, թէ իւրաքանչիւր առարկայէ քանի՛ հատ պահուած է պատկերին մէջ:

 

 

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Այսօր` Գերբաժակի Մրցաշարքին Ալաշկերտ-Արարատ Մրցումը

Յաջորդը

Թուրք-Ամերիկեան Խումբերը 2007-էն Ի Վեր 2,2 Միլիոն Տոլար Նուիրած Են Քաղաքական Գործիչներու

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?