Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Տեղի Կունենայ Արեւի Խաւարումը

Դեկտեմբեր 18, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Շաբաթ, 4 դեկտեմբերին արեւը, լուսինը եւ երկրագունդը ուղիղ գիծի մը վրայ կը գտնուէին Անթարքթիքի հարաւը: Այս երեւոյթը 400 տարի ետք դարձեալ տեղի պիտի ունենայ այդ շրջանին մէջ:

– Ի՞նչ Է Արեւի Խաւարումը

Անիկա տեղի կ՛ունենայ, երբ լուսինը գտնուի ճիշդ արեւուն առջեւ` ամբողջովին կամ մասամբ գոցելով արեւուն պատկերը երկրագունդին վրայ: Ամբողջական խաւարումի պարագային, քանի մը վայրկեանի ընթացքին երկրագունդը կարծէք գիշեր կ՛ըլլայ օրուան ընթացքին:

– 3 Տեսակի Խաւարում

Եթէ լուսինը ամբողջովին ծածկէ արեւուն լոյսը, մենք ականատես կ՛ըլլանք ամբողջական խաւարումի մը:

Սակայն եթէ լուսինը մասամբ ծածկէ արեւը, տեղի կ՛ունենայ մասնակի խաւարում:

Իսկ երբ լուսինը ծածկէ միայն արեւուն կեդրոնը, օղակաձեւ խաւարում մը կը ստանանք: Կարծէք արեւը կը կազմէ օղակ մը` մէջտեղը սեւ կլոր մը:

Խաւարումը ամբողջական կ՛ըլլայ միայն շուքի շրջանակին մէջ, քանի մը տասնեակ քիլոմեթրեր: Ան կրնայ երկրագունդին մակերեսին վրայէն շրջիլ մինչեւ 1 քմ / երկվայրկեան արագութեամբ: Այս պատճառով է, որ արեւի խաւարումները շատ կարճ կը տեւեն, առաւելագոյնը` 8 վայրկեան:

– 21-րդ Դարու 14-րդ Խաւարումը

Շաբաթ 4 դեկտեմբերին արեւը, լուսինը եւ երկրագունդը ուղիղ գիծի մը վրայ գտնուեցան: Այս խաւարումը տեսանելի եղաւ Անթարքթիքի բաժինի մը վրայ, եւ անոր յառաջխաղացքը վերջացաւ Խաղաղականի Մերձաւոր հարաւը: Այս շրջանը նման երեւոյթի մը դարձեալ ականատես ըլլալու համար պիտի սպասէ 400 տարի:

Ձեռային Աշխատանք

 Կաղանդի Զարդարանքներ

 Ա.- Պատուհանի Զարդարանքներ

– Այս ձեռային աշխատանքը շատ պարզ է եւ մեծ ծախսի չի կարօտիր: Դուն պէտք պիտի ունենաս պարզ ճերմակ թուղթի:

– Սկզբունքը նոյնն է բոլոր օրինակներուն համար: Թուղթը ծալել երկուքի եւ ծալքին վրայ գծել կէս պատկերը, եւ ապա կտրել:

– Այս էջին վրայ պիտի գտնէք բազմաթիւ օրինակներ, որոնց կրնաս հետեւիլ կամ հնարել քու անձնական օրինակներդ:

Բ.- Կլորակ Կաղանդ Պապա Մը

Այս ձեռայինին համար պէտք պիտի ունենաս յատկապէս կարմիր, ճերմակ եւ բաց վարդագոյն բարակ խաւաքարտերու:

1.- Կարմիր խաւաքարտը (A4 չափ 29.7 x 21սմ) ձեռնադաշնակի նման ծալէ:

2.- «Ձեռադաշնակին» մէջտեղէն թուղթը ակրաֆով ամրացուր:

3.- Երկուքի ծալէ այդ «ձեռնադաշնակը» եւ իրարու դիմաց եկող բաժիները իրարու փակցուր` ստանալով հովահարի մը ձեւը:

4.- Նման երկրորդ հովահար մըն ալ պատրաստէ, եւ ապա երկու հովահարները իրարու փակցուր` լման ծալքերով կլորակ մը ստանալով:

5.- Ճերմակ խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ 14 սմ տրամագիծ ունեցող կլորակ մը, 11×2 սմ չափով երիզ մը եւ Կաղանդ պապային պեխը:

6.- Բաց վարդագոյն խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ 14 սմ տրամագիծով կլորակ մը, իսկ կարմիր խաւաքարտին վրայ` 12 սմ բարձրութիւն ունեցող եռանկիւն մը:

7.- Բաց վարդագոյն կլորակը փակցուր ծալքով կլորակին կեդրոնը:

8.- Ճերմակ կլորակը երկուքի ծալէ եւ կէսը կտրէ: Մէկ կէս կլոր բաժինը փակցուր բաց վարդագոյն կլոր երեսին վրայ` Կաղանդ պապային մօրուքը ստանալու համար:

9.- Փակցուր Կաղանդ պապային գլխարկը, կարմիր եռանկիւնը եւ ծայրը` ճերմակ երիզը:

10.- Գունաւոր մատիտներով կրնաս ներկել Կաղանդ պապային բերանը եւ այտերը:

11.- Փակցուր Կաղանդ պապային պեխը:

12.- Կաղանդ պապային քիթին, աչքերուն եւ գլխարկի ծայրի «փոմփոնին» համար կրնաս գործածել գունաւոր կոճակներ, կամ պարզապէս ներկել եւ գլխարկին ծայրը փակցնել պզտիկ գունդ մը բամպակ:

Վերջապէս, ծալքով կլորակին ծայրը պզտիկ ծակ մը բաց, մէջէն անցուր բարակ թել մը եւ Կաղանդ Պապադ պատրաստ է տունը զարդարելու:

Ապակիէ Եւ Մետաղէ
Կաղանդի Ծառ Մը

Անցեալ տարի Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքի բնապահպան քաղաքապետը մերժած էր անտառէն եղեւին մը կտրել եւ քաղաքին հրապարակը ցուցադրել «մեռած ծառ» մը` Կաղանդի շրջանին:

Այս տարի քաղաքին բնակիչները պիտի կարենան դարձեալ վայելել իրենց Կաղանդի ծառը 11 դեկտեմբերէն 2 յունուար: Սակայն այս տարուան ծառը չէ բուսած անտառի մը կամ պարտէզի մը մէջ: Ան կազմուած է միայն «վերամշակուած եւ վերամշակելի ապակիէ եւ մետաղէ», ինչպէս բացատրած է քաղաքապետը: Ան ունի 11 մեթր բարձրութիւն եւ զմրուխտի գոյն: Անիկա պիտի կարենայ տարբեր գոյներով օժտուիլ` շնորհիւ խաղի լոյսերու եւ ցոլացումներու:

Այս իւրայատուկ Կաղանդի ծառը դարձեալ պիտի զարդարէ քաղաքին հրապարակը յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներու միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել կրակարանին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շարքի, սիւնակի եւ 3×3 քառակուսիի մէջ իւրաքանչիւր առարկայ մէկ անգամ պէտք է գոյութիւն ունենայ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած  առարկաները:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Դեկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Արդեօ՞ք Ազրպէյճանցիներն Են Իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) Արիւնահեղութիւնը Սեփական Ժողովրդի Հանդէպ

RelatedPosts

Ամառնային Թելադրանքներ
Մանկապատանեկան

Ամառնային Թելադրանքներ

Օգոստոս 13, 2022
Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծա՞ռը…
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծա՞ռը…

Օգոստոս 6, 2022
Գիտէի՞ր, Թէ…  Ծովափի Աւազը Եկած Է Սառցակոյտերէն
Մանկապատանեկան

Գիտէի՞ր, Թէ… Ծովափի Աւազը Եկած Է Սառցակոյտերէն

Յուլիս 23, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In