Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրոնային «Աղբերու» Հսկայական Լեռ Մը

Նոյեմբեր 6, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ելեկտրոնային գործիքները մեր ամէնօրեայ կեանքի անբաժան «ըներակիցներ»-ն են` համակարգիչ, սմարթֆոն, թապլեթ, պատկերասփիւռ… եւ երբ անոնց նոր տարբերակները կը յայտնուին, մենք մեր հին գործիքները կը թափենք նորերը գնելու համար: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այդ աղբը նետուած գործիքներէն միայն շատ փոքր բաժինն է, որ կը վերամշակուի: Արդիւնք, 2021-ի ելեկտրոնային աղբերուն ընդհանուր ծանրութիւնը մինչեւ հիմա հասած է 57 միլիոն թոնի: Անհրաժեշտ է անմիջականօրէն այս վիճակը փոխել:

***

Այս թիւը կ՛աւելնայ տարիէ տարի… Գիտէի՞ր, թէ 2021-ի 57 միլիոն թոն աղբը շատ աւելի ծանր կը կշռեն, քան` Չինաստանի Մեծ պատը, որ աշխարհի վրայ մարդուն կողմէ շինուած ամէնէն ծանր կառոյցն է:

Այս աղբերուն մաս կը կազմեն ո՛չ միայն հին համակարգիչներ, սմարթֆոններ, պատկերասփիւռներ են, այլ նաեւ` ելեկտրոնային խաղալիքներ, կամ սառնարաններ: Անշուշտ, այս աղբերը մէկ հսկայ լեռ մը չեն կազմեր, այլ սփռուած են ամբողջ մոլորակին վրայ. սակայն այս պատկերը կրնայ աւելի յստակ կերպով մեզի փոխանցել այդ աղբերու քանակին մեծութիւնը:

Ընդհանրապէս այս աղբերը իրենց կեանքը կը վերջացնեն հաւաքական աղբանոցներուն մէջ եւ բնութիւնը կ՛ապականեն: Երբեմն կարգ մը բաղադրիչ նիւթեր կրկին կը գործածուին ուրիշ առարկաներ շինելու համար: Դժբախտաբար միայն 10 գործիքէն 2-ը միայն կը վերամշակուին:

***

Սակայն գիտէ՞իր, թէ այս ելեկտրոնային գործիքները կը պարունակեն բազմաթիւ նիւթեր, որոնց վերամշակումը օգտակար կրնայ ըլլալ: Օրինակի համար, բջիջային հեռաձայններուն մէջ կարելի է գտնել ոսկիի հետքեր, ինչպէս նաեւ` ուրիշ հազուագիւտ մետաղներ (կալիոմ, ինիտոմ, իթթրիոմ…) երկրագունդին վրայ այս մետաղներուն պահեստները կրնան մօտ օրէն վերջանալ:

Կարգ մը վաճառանիշներ կ՛արտադրեն յատկապէս շինուած գործիքներ, որպէսզի անոնք աւելի երկար դիմանան, եւ կարելի է զանոնք նորոգել: Սակայն դժբախտաբար յաճախ հակառակը կը պատահի: Այս առարկաները շատ երկար կեանք չեն ունենար, եւ զանոնք նորոգելը շատ աւելի մեծ ծախսի կը կարօտի, քան` նորը գնելը…

Կրին Պանք. Առանց Թուային
Գործիքներու Գիւղը

Կրին Պանք Միացեալ Նահանգնեու Ուէսթ Վիրճինիա նահանգին մէջ գտնուող փոքրիկ գիւղ մըն է: Հոն թուային գործիքներ գոյութիւն չունին: Ասոր պատճառը Կրին Պանքի ուսումնասիրութեան կեդրոնն է, որ բացարձակ լռութեան պէտք ունի ուսումնասիրելու համար աստղերը եւ երկինքը:

Հոն ուայ ֆայի դրութիւն գոյութիւն չունի, ո՛չ ալ` հեռաձայնային ցանցեր, իսկ ձայնասփիւռի ալիքները շատ սահմանափակ են… Կրին Պանք փոքրիկ գիւղը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն չորս ժամ հեռու: 1958 թուականէն ի վեր հոն հաստատուած է ուսումնասիրութեան կեդրոն մը, որ կ՛ուսումնասիրէ աստղերն ու սեւ ծակերը. ան ունի աշխարհի ամէնէն մեծ ռատիօթելեսքոփը:

Հոն կը գործէ նաեւ ՆԱՍԱ-ի կեդրոններէն մէկը: Հետեւաբար պետութիւնը որոշած է ստեղծել «հանդարտ միջավայր» մը` անոնց գործունէութիւնը պահպանելու համար: Այս ձեւով, օրինակի համար, ձայնասփիւռի ալիքները սահմանափակուած են մօտաւորապէս 34 հազար քառակուսի քմ տարածութեան մը վրայ, եւ ուայ-ֆայներու գործիքներու գործածութիւնը չէ քաջալերուած: Բնականօրէն արգիլուած է գործածել գործիքներ, որոնք կը բանին առանց թելի արհեստագիտութեամբ:

Իսկ երբ կարգ մը բնակիչներ իրենց տան մէջ համացանցի դրութիւնը հաստատած են, ամէն ինչ կ՛անջատուի, երբ անոնք տունէն դուրս կ՛ելլեն, եւ կարելի չ՛ըլլար ո՛չ հեռաձայնային խօսակցութիւններ ստանալ, ո՛չ ալ լուրեր:

 

Աշխարհէն «կտրուած» այս գիւղը շրջանի զբօսաշրջութեան գրասենեակին համար մեծ առաւելութիւն մըն է: Զբօսաշրջիկներ ներգաւելու համար ան լուսարձակի տակ կը դնէ անոր աննման հանդարտութիւնը: Ամերիկացիներուն համար, որոնց մօտաւորապէս 85 առ հարիւրը ունի սմարթֆոնը, եւ որոնց մէկ երրորդը կը խոստովանի, որ գրեթէ անդադար համացանցին կապուած է, Կրին Պանքը դարձած է երազային վայրը` թուային աշխարհէն կտրուելու համար:

Սակայն, դժբախտաբար, հակառակ թուայինի վերաբերեալ օրէնքներուն եւ անտառներու եւ հովիտներու կեդրոնը գիւղին մեկուսացած վիճակին, Կրին Պանք սկսած է փոփոխութիւններ ապրիլ…

Ըստ բնակիչներուն, առանց թելի համացանցի դրութիւնը սկսած է տարածուիլ շրջանին մէջ վերջին տարիներուն, եւ այս վիճակին պատասխանատուները նոյնիսկ չեն վճարեր 50 տոլարի տուգանքը: Բազմաթիւ պանդոկներու եւ ճաշարաններու շինութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր բնակիչներու ժամանումը պատճառ դարձած են, որ տուներուն գիները բարձրանան: Այս փոփոխութիւնները նեղութիւն կը պատճառեն մեծ թիւով բնակիչներու: Մինչ ուրիշ բնակիչներ կը մտածեն, թէ ժամանակն է այլեւս, որ գիւղը յառաջդիմէ: Անոնց համար դուրսի աշխարհին հետ հաղորդակցութեան պակասը վտանգաւոր կրնայ ըլլալ: Այս ձեւով, օրինակի համար, երթեւեկութեան կամ որսորդութեան ընթացքին պատահած արկածի մը պարագային հիւանդատար կառքը կանչելը անկարելի է…

Հետաքրքրական

– Արդի բջիջային հեռաձայն մը շատ աւելի համակարգչային կարողութիւն ունի, քան ՆԱՍԱ-ն` 1969 թուականին, երբ ան առաջին անգամ մարդիկ ղրկեց լուսին:

– Ճարտարագէտներ կ՛աշխատին յատուկ ակնոցներու վրայ, որոնք կարողութիւնը պիտի ունենան անմիջականօրէն թարգմանելու օտար լեզուներ եւ կարդացողին ներկայացնել թարգմանուած պատրաստի գրութիւնը կարդալու համար:

– Գիտնականները լէյզըր ճառագայթներ կը գործածեն հեռաւորութիւններ չափելու համար: Այս ձեւով անոնք կրցած են ուղղել լէյզըրի ճառագայթ մը` դէպի լուսին, կապելու համար երկրագունդին եւ լուսինին միջեւ հեռաւորութիւնը:

– Իսլանտայի եւ Մարոքի մէջ բնակչութեան 97 առ հարիւրը համացանցի կապուած է: Այս երկու երկիրները աշխարհի ամէնէն շատ «կապուած» երկիրներն են:

– Գիտէի՞ր, թէ առարկաները 30 առ հարիւր աւելի մեծ կ՛երեւին ջուրին տակ:

– Երկրագունդին մակերեսի խաւին մէջ ամէնէն շատ գոյութիւն ունեցող հիւթը թթուածինն է, մինչ տիեզերքին մէջ` ջրածինը:

– Ձայնը շատ աւելի արագ կը տարածուի ջուրին մէջ, քան` օդին մէջ:

– Հալիլէօ իր աստղադիտակը գործածելով` դարձաւ առաջին անձը, որ կրցաւ ուսումնասիրել Լուսնթագի լուսինները:

– Աղը կը գործածուի շինելու համար կարգ մը քիմիական նիւթեր, որոնք կը գտնուին օճառի եւ ապակիի բաղադրութեան մէջ:

– Երկաթը կը հալի ջուրի եռման տաքութեան աստիճանէն 15 անգամ աւելի բարձր ջերմաստիճանով` 1535 սելսիուս աստիճան:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել այս փոքրիկներուն` գտնելու տան ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած պատկերները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 5 Նոյեմբեր 2021)

Յաջորդը

Եդուարդ Պոյաճեան Ե. «… Ուղղելու Ծուռը…»

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?