Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Ծառերուն Տերեւները Իրենց Գոյնը Կը Փոխեն

Հոկտեմբեր 23, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աշնան տերեւները կը սկսին կորսնցնել իրենց կանաչ գոյնի երանգները, եւ կամաց կամաց կը յայտնուին ուրիշ գոյներ:

Ամառը ծառերուն տերեւները կանաչ են: Այս գոյնը կու գայ քլորոֆիլէն, որ տերեւներուն մէջ գտնուող նիւթ մըն է:

Քլորոֆիլն է, որ ծառին կարելիութիւնը կու տայ ֆոթոսենթեզ կատարելու. ան «կ՛որսայ» արեւուն ուժանիւթը եւ տերեւներուն կարելիութիւնը կու տայ շինելու շաքարներ` գետնէն առած ջուրին եւ օդին մէջ գոյութիւն ունեցող բնածխական կազին միջոցով, ապա այս շաքարները կը փոխադրուին դէպի տերեւին բոլոր բաժինները եւ զայն կը սնուցանեն:

Լոյսի պակաս

Ամրան վերջաւորութեան օրերը կը կարճնան, արեւը նուազ ժամանակի ընթացքին եւ նուազ զօրաւոր կը փայլի: Քլորոֆիլը շատ լոյսի պէտք ունի լաւ ներգործելու համար. հետեւաբար աշնան ան կ՛անհետանայ: Այս ձեւով տերեւները կը սկսին կամաց կամաց կորսնցնել իրենց կանաչ գոյնի երանգները, եւ կը յայտնուին ուրիշ գոյներ, որոնք քլորոֆիլին ետեւը պահուած էին ամրան ընթացքին: Աշնանային տեսարանը կը ծածկուի սրճագոյնով, կարմիրով, նարնջագոյնով, դեղինով, նոյնիսկ` ոսկեգոյն երանգներով:

Գոյներու այս փառատօնէն ետք ծառը կը պատրաստուի ձմեռը դիմաւորելու: Ամէնէն կարեւորը` ցուրտէն «չմեռնիլ»:

Աւիշը պահել «մառանին» մէջ

Ձմրան չսառելու համար ծառը պէտք է կեցնէ աւիշի շրջագայութիւնը. աւիշը սնունդ տուող հեղուկն է, որ արեան նման կը շրջի ամբողջ ծառին մէջ` կոճղին, ճիւղերուն… Եթէ աւիշը  ձմրան ընթացքին շարունակէ իր շրջագայութիւնը ծառին մէջ, ան պիտի սառի եւ ուռի, եւ այս ձեւով պիտի պայթեցնէ ծառին «երակները». ծառը «կը մեռնի»:

Այս աղէտէն խուսափելու համար ծառը պէտք է իր աւիշը իջեցնէ իր արմատներուն մէջ եւ զայն հոն ամբարէ մինչեւ գարուն: Գետին թափած տերեւները պիտի ծառայեն իբրեւ ցուրտին դէմ պահպանող գորգ:

Ծառը կը հաւաքէ նաեւ տերեւներուն մէջ գտնուող սնունդի պահեստները, ապա ան «կափարիչ» մը կը շինէ իւրաքանչիւր տերեւին եւ ճիւղին վրայի անոր միացած մասին վրայ: Տերեւը հազիւ կառչած է ճիւղին… Հովը զայն պիտի տանի: Ծառը պատրաստ է դիմաւորելու ձմեռը:

Ծովուն Մէջ Կորսուած…

… Երկու անձեր կրցան ապրիլ 29 օր` աշխարհէն կտրուած, անձրեւին ջուրը խմելով եւ հնդկընկոյզներ ուտելով:

Անոնց 7 մեթր երկարութեամբ նաւակը ճամբայ ելած էր Սողոմոնեան կղզիներէն սեպտեմբեր 3-ին, սակայն անոնք փոթորիկի կը բռնուին: Անոնց Ճի.Փի.Էս. գործիքը կը խանգարուի: Հետեւաբար անոնք կ՛անջատեն նաւակին շարժակը` վառելանիւթը խնայելու համար. իբրեւ հետեւանք` հոսանքը զանոնք կը քշէ դէպի հեռուն:

Բարեբախտաբար անոնք կրցած են գոյատեւել անձրեւին ջուրը հաւաքելով եւ ջուրին վրայ ծփացող հնդկընկոյզները ուտելով: Վերջապէս, անոնք կը շինեն առագաստ մը եւ կը հասնին մինչեւ Փափուա-Նիւ-Կինէա, ուր մարդիկ կու գան անոնց օգնութեան:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Այժմ աշխարհի մակերեսին միայն 6 առ հարիւրը ծածկուած է «անձրեւային անտառներով» (ռէյնֆորըսթ): 1950-ական թուականներուն ան 14 առ հարիւր էր:

– Կարգ մը «անձրեւային անտառներու» մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 1000 տարուան մայրիի եւ փշատերեւ ծառերու կարգ մը տեսակներ:

– Եմէնի Սոքոթրա կղզիին վրայ գոյութիւն ունին բոյսի 800 տեսակներ: Կ՛ենթադրուի, որ կարգ մը բոյսեր 20 միլիոն տարուան են:

– Աշխարհի վրայ մեզի ծանօթ թիթեռնիկներու տեսակներուն մէկ քառորդը կ՛ապրի Հարաւային Ամերիկայի «անձրեւային անտառներուն» մէջ:

– Անթարքթիքան միակ ցամաքամասն է, ուր «անձրեւային անտառներ» գոյութիւն չունին:

– Արեւմտեան աշխարհը կը սպառէ «անձրեւային անտառներուն» մէջ աճող 3000 տեսակ պտուղներու միայն 200-էն:

– 2004 թուականին Աւստրալիոյ Կապոյտ լեռներուն մէջ քայլարշաւ կատարող մը գտաւ ծառ մը, որ ամէն մարդ անհետացած կը կարծէր միլիոնաւոր տարիներ առաջ:

Բնութիւնը Պահպանենք

Երբ մենք կը թափենք պանանի կեղեւ մը, կազային ըմպելիի մը թիթեղը կամ հին գուլպայ մը, անոնք մեր աչքերուն առջեւէն կ՛ելլեն… Սակայն ասիկա ըսել չէ, որ անոնք անհետացան: Անոնք իրենց «կեանքը» կը շարունակեն մեր աչքերէն հեռու երբեմն շաբաթներով, իսկ կարգ մը պարագաներու` հարիւրաւոր տարիներ:

Հետեւաբար ուշադիր ըլլանք, թէ ի՛նչ կը նետենք մեր աղբամանին մէջ, որովհետեւ անոնք պիտի թափուին բնութեան մէջ, մինչեւ որ բնականօրէն փտին եւ անհետանան:

Այս պատճառով շատ կարեւոր է մեր աղբերը տարանջատել եւ վերամշակումի ղրկել:

***

Ահա` քանի մը օրինակներ, թէ կարգ մը նիւթեր որքա՛ն ժամանակի կը կարօտին բնութեան մէջ ամբողջովին անհետանալու համար.

– Պանանի կեղեւ` 2 – 5 շաբաթ,
– Խնձորի մնացորդ` 2 ամիս,
– Բուրդէ գուլպայ` 1 – 5 տարի,
– Կերպընկալէ տոպրակ` 10 – 20 տարի,
– Կաշի` 50 տարի:
– Ձգախէժէ կրկնակօշիկներու կրունկ` 50 – 80 տարի,
– Ալիւմինիոմէ շիշ` 80 – 200 տարի,
– Ձկնորսութեան կերպընկալէ թել` 600 տարի,
– Ապակիէ շիշ` 1 միլիոն տարի կամ աւելի:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ծառին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել հաշիւներու տախտակը:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 22 Հոկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 66-րդ Տօնը

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?