Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մռնչող Նոր Տարի Մը

Յունուար 29, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ասիոյ կարգ մը երկիրներու մէջ օրացոյցը հիմնուած է լուսինի շրջաբերութեան վրայ: Ան մեզի ծանօթ արեւմտեան օրացոյցէն 11 օր աւելի կարճ է: Այս  ձեւով Չինաստանի եւ շրջակայ երկիրներուն մէջ լուսնային Նոր տարին կը տօնուի 21 յունուարէն 20 փետրուարի միջեւ: Այս տարի անիկա պիտի տօնուի 1 – 15 փետրուարին:

***

Այս առիթով բնակիչները տուներէն կը կախեն կարմիր ժապաւէններ եւ պայթուցիկներ կը պայթեցնեն: Փողոցին մէջ լապտերներ կը կախուին: Սակայն ամէն մարդ անհամբեր կը սպասէ նշանաւոր վիշապի պարը: Մինչեւ 70 մեթր երկարութիւն ունեցող թուղթէ շինուած այս հսկայական աւանդական վիշապը փողոցներուն մէջ կը տողանցէ: Բարձր ձողերու վրայ կանգնած պարողներ զայն կը շարժեն եւ կը յառաջացնեն:

***

Տարուան սկիզբը կը փոխուի նաեւ զոտիակոսի նշանը: Ասիական աղթարքին մէջ իւրաքանչիւր անասուն կապուած է նիւթի մը (ջուր, կրակ, մետաղ…): Այս` 2022 տարին պիտի ընթանայ ջուրի վագրի հովանաւորութեան տակ: Այս անասունը կը խորհրդանշէ նոյն ատեն թէ՛ խոհեմութիւն, թէ՛ ալ քաջութիւն:

Ան բնաւ չի նահանջեր դժուարութիւններուն առջեւ: Ըստ չինական աւանդութեան, վագրը կ՛աւետէ դրական փոփոխութիւններ:

***

Չինարէն «նիան» կը նշանակէ «տարի»: Հին ժամանակներուն Նիան չար ոգի մըն էր, որ ձմրան ընթացքին մէկ գիշեր դուրս կ՛ելլէր լափելու համար այն, ինչ որ կը գտնէր իր առջեւը: Տարիներու ընթացքին այս հրէշը բնակիչներու մէջ վախ սփռած է:

Ապա բնակիչները գտած են անոր տկար կէտերը` կարմիր գոյնը եւ լոյսը: Հետեւաբար ամէն ձմեռ, այդ գիշերուընէ առաջ, բնակիչները կարմիր զարդարանքներ կը կախէին, կը բանտարկուէին իրենց տուներուն մէջ եւ կ՛ուտէին նախօրեակին պատրաստուած համեղ ուտելիքներ: Ձայնէն վախնալով` հրէշը կը հեռանար:

Տարիներ ետք Զիուէյ կոչուած աստուած մը կը շղթայէ Նիանկ երկրագունդին խորերը: Սակայն աւանդութիւնները կը մնան, իսկ հրէշին օրուան թուականը կը դառնայ «Նոր տարուան առաջին օրը` Նիանին օրը»:

Գիտէի՞ր, Թէ

Առասպելական Վիշապը

– Հին ժողովուրդները կը հաւատային, որ հոյամողէսներու ոսկորները վիշապներու կը պատկանէին:
– Կարգ մը առասպելներ կը հաստատեն, որ վիշապներու հաւկիթները 3000 տարիի կը կարօտին կոտրուելու եւ անասունը դուրս արձակելու:
– Ժամանակին չիները կը հաւատային, որ վիշապները անձրեւը կը ղեկավարէին:
– Ասիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ այս առասպելական անասունները բարի բնաւորութիւն մը ունէին:
– Ուէլզ շրջանի դրօշակին վրայ ներկայացուած է կարմիր վիշապ մը:
– Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը շատ հին հեքիաթներուն մէջ վիշապները փետուրներ ունէին:
– Վիեթնամի մայրաքաղաքը ժամանակին կը կոչուէր Թանկ Լոնկ, կամ` «Թռչող Վիշապը»:
– Հին անգլիական աւանդութեան մը մէջ Ս. Գրիգորը վիշապին կրցաւ յաղթել կախարդական նարինջի ծառի մը տակ պահուըտելով:

Ձեռային Աշխատանք

«Ֆորչիւն Քուքիներ» Չինական
Նոր Տարին Շնորհաւորելու Համար

Օգտուելով չինական Նոր տարիէն` դուն կրնաս դարձեալ աղուոր մաղթանքներ, քաջալերական խօսքեր, կամ նոյնիսկ կատակներ ու հանելուկներ գրել, զանոնք դնել թուղթէ «Ֆորչիւն քուքիներու» մէջ եւ բաժնել ընկերներուդ:

***

Պէտք ունիս

Գունաւոր թուղթերու, մկրատի, խէժի, մատիտի, կլորակ առարկայի մը` կլորներ գծելու համար:

Բացատրութիւն

1.- Գունաւոր թուղթերուն վրայ կլորակներ գծէ` կլոր առարկայ մը (օրինակի համար` պնակ մը) գործածելով:

2.- Կտրէ այդ կլորակները:

3.- Ճերմակ թուղթի մը վրայ անձնական մաղթանքներ գրէ: Սիւնակին վարը պիտի գտնես քանի մը օրինակներ:

4.- Կլորակը երկուքի ծալէ` առանց ծալքը սեղմելու:

5.- Ապա մէկ մատդ ծալքին մէջտեղը դնելով` միւս մատերովդ բռնէ երկու ծայրերը, թուղթը բնականաբար պիտի սկսի ծալուիլ:

6.- … Եւ երկու ծայրերը իրարու պիտի դպչին:

7.- Այդ երկու ծայրերը իրարու փակցուր:

8.- Ծալքին մէջ մտցուր մաղթանքդ:

9.- Ահա «Ֆորչիւն քուքիներդ» պատրաստ են հրամցուելու:

Մաղթանքներու Ցանկ

Ա – Քաջալերական Խօսքեր

– Երբեք թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ կանգնեցնէ:
– Դուն բնաւ պիտի չձախողիս, եթէ շարունակես փորձել:
– Երեւակայութիւնը մեծ դաշնակից մըն է, եւ ան շատ հզօր է:
– Գիրքերը հսկայական գիտութիւն եւ բազմաթիւ աշխարհներ կը պարունակեն: Անոնք քու տրամադրութեանդ տակ կը գտնուին:
– Ի՞նչ պիտի ուզես ընել այս աշխարհը փոխելու համար:
– Այս տարին կախարդական պիտի ըլլայ:

Բ – Պիտի Կարենա՞ս…

– Ըլլալ լռութեան թագաւորը. առաջին անձը, որ կը խօսի, կը պարտուի:
– Կատակ մը պատմէ:
– Առաջին անձը, որ «այո» կամ «ոչ» կ՛ըսէ, կը պարտուի:
– Կրնա՞ս շաբթուան օրերը ետեւէն ըսել:
– Կրնա՞ս կատու մը գծել` մատիտը բերանդ (առանց ձեռքերուդ):

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել հովահարին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` իւրաքանչիւր սիւնակի, շարքի եւ 2×3 քառանկիւնի մէջ միայն մէկ անգամ դնելով իւրաքանչիւր պատկեր:

 

Նախորդը

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Պարտութիւնը. Իրան Ապահովեց Քաթարի Իր Տոմսը

Յաջորդը

«Ոսկէ Ծիրան» 18. Աղէտաբեռն Ժամանակի Բերքը

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?