Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջուրերու Վրայ Տարօրինակ «Նաւակ» Մը

Դեկտեմբեր 11, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Լիվիօ տը Մարշի փայտի մասնագէտ քանդակագործ մըն է: Ան ծանօթ է իր տարօրինակ եւ հսկայական ստեղծագործութիւններով եւ յատկապէս` տարօրինակ ձեւերով փայտէ իր նաւերով:

Ան իր գործերը ցուցադրած է Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի ջրանցքներուն մէջ, ուր ան ներկայացուցած է վեց ձիերով քաշուած կառք մը, Ֆեռարի ինքնաշարժի քանդակը, նոյնիսկ կնոջական հսկայական կօշիկ մը: Այս տարի ան կը ցուցադրէ իր ստեղծագործութիւններէն ուրիշ կտոր մը…

2021-ին Վենետիկ կը տօնէ նշանաւոր յօրինող եւ ջութակահար Վիվալտիի մահուան 280-րդ տարելիցը: Այս առիթով, 18 սեպտեմբերին, քաղաքին ջրանցքներուն մէջ երեւցաւ «Նոյեան ջութակը», 12 մեթր երկարութիւն ունեցող ջութակի ձեւով նաւակ մը, որուն վրայ տեղաւորուած էին երաժիշտներ եւ երգիչ մը:

Այս ձեւով անցորդները առիթը ունեցան երգահանդէսի մը ներկայ գտնուելու:

Թռչող Ինքնաշարժը

Մինչեւ հիմա մենք թռչող ինքնաշարժներու կը հանդիպէինք միայն գիտաերեւակայական շարժապատկերներու մէջ: Սակայն վերջապէս ան իրականութիւն կը դառնայ:

Սլովաքիոյ մէջ այս թռչող ինքնաշարժը կրցած է 35 վայրկեան թռիչք կատարել 2 օդակայաններու միջեւ: Ըստ այս ինքնաշարժը հնարողին, զայն քշելը դժուար չէ, եւ կարելի է անոր թեւերը մէկ կոճակով մը դուրս հանել եւ դարձեալ ծալել: Ան նուազ քան 3 վայրկեանէն ինքնաշարժէ օդանաւի կը վերածուի: Զայն հնարողը այս ինքնաշարժին վրայ աշխատած է աւելի քան 30 տարի` զայն կատարելագործելու համար: Այժմ ան ուրիշ փորձեր կը կատարէ` վստահ ըլլալու, որ մեքենան կրնայ տոկալ թռիչքի բոլոր պայմաններուն:

Գիտէի՞ր, Թէ

 … Կարգ Մը Ամպեր Ճերմակ Են,
Իսկ Կարգ Մը Ամպեր` Մոխրագոյն

Մոխրագոյն ամպերը աւելի խիտ են: Երբ ամպերը բարակ են, արեւուն լոյսը աւելի դիւրութեամբ կ՛անցնի անոնց ընդմէջէն. ամպերը աւելի ճերմակ կ՛երեւին:

Սակայն որքան ամպ մը խիտ ըլլայ, անձրեւի կաթիլներով լեցուն, այնքան ան արգելք կ՛ըլլայ, որ արեւուն ճառագայթները անցնին իր մէջէն, եւ ամպը աւելի մութ կ՛երեւի:

Խոհագիր

Տուրմով Կաղանդի Ծառ

Տարեվերջի տօները կը մօտենան: Տօնական մթնոլորտին մէջ մտնելու համար սկսինք պատրաստելով այս կաղանդի ծառի կերպարանք ունեցող փոքրիկ կարկանդակները:

Պարզ, կլորակ տուրմով կարկանդակ մը կրնայ 8 ուտուելիք Կաղանդի ծառերու վերածուիլ:

Կարկանդակին համար պէտք ունիս` 180 կրամ տուրմի, 180 կրամ կարագի, 150 կրամ շաքարի, 100 կրամ ալիւրի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 6 հաւկիթի:

Զարդարանքին համար պէտք ունիս` 150 կրամ ճերմակ տուրմի, գունաւոր M&M-ի, կամ սմարթիզի, ըմպեղէգներու:

Պատրաստութիւն

1.- Տուրմը կտորներու վերածէ եւ դիր խորունկ ամանի մը մէջ: Աւելցուր կարագի փոքրիկ կտորները: Չափահասի մը օգնութեամբ այս խորունկ ամանը դիր եռացած ջուրով լեցուն կաթսայի մը վրայ: Ջուրէն յառաջացած շոգին կարելիութիւնը պիտի տայ տուրմին հալելու` առանց այրելու:

2.- Հաւկիթները կոտրէ եւ իրարմէ անջատէ դեղնուցներն ու ճերմկուցները: Խորունկ ամանի մը մէջ ճերմկուցները մեքենայով զարկ, մինչեւ որ լաւ մը ուռին:

3.- Դեղնուցները զարկ շաքարին հետ, մինչեւ որ խառնուրդը ճերմկի: Ապա աւելցուր ալիւրը:

4.- Այս վերջին խառնուրդին վրայ աւելցուր հալած տուրմը:

5.- Ապա քիչ քիչ աւելցուր ճերմկուցները եւ զգուշութեամբ խառնէ:

6.- Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ: Խմորը մէջը պարպէ եւ եփէ 180 աստիճանի վրայ մօտաւորապէս 40 վայրկեան:

7.- Երբ կարկանդակը պաղի, իրարու հաւասար 6 կամ 8 կտորի կտրէ:

8.- Ըմպեղէգները երկուքի կտրէ եւ իւրաքանչիւր բաժինը անցուր կարկանդակին կոր բաժինին մէջ` ծառին կոճղը կազմելու համար:

9.- Ճերմակ տուրմը մանրալիքին մէջ կամ շոգիով հալեցուր` դարձեալ չափահասի մը ներկայութեան: Դանակի մը ծայրով ճերմակ տուրմը կարկանդակի կտորներուն վրայ դիր` անոնց ճիւղերու կամ երիզներու ձեւ տալով:

10.- Վերջապէս, կարկանդակէ ծառերդ զարդարէ գոյնզգոյն տուրմի հատիկներով:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս անցնիլ լափիւրինթոսին մէջէն` միշտ յարգելով առարկաներուն շարքը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Յիսուսին Նուէր Տալու Չմոռնա՛նք

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?