Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հաւանաբար ծանօթ էք «Ուլի Ուանքա էնտ տը Չաքլըթ Ֆաքթըրի» (Ուիլի Ուանքա եւ տուրմի գործարանը) Ռոալտ Տալի գիրքին, կամ` անկէ ներշնչուած բազմաթիւ ժապաւէններու: Շնորհիւ իր ոսկի տոմսակին` պատմութեան մէջ Չարլի բախտը կ՛ունենայ այցելելու տուրմի եւ շաքարեղէններու նշանաւոր գործարանը:
Արդեօք դուք ալ օր մը երեւակայա՞ծ էք անոր նման ապրելու իւրայատուկ արկածախնդրութիւն մը` տուրմերու աշխարհին մէջ: Գիտէ՞ք, որ ասկէ ետք այս երազը կրնայ իրականանալ…
Անգլիոյ Պորնմաութ շրջանին մէջ «Չաքլըթ Պոքս» պանդոկը, ի պատիւ «Ուիլի Ուանքա էնտ տը Չաքլըթ ֆաքթըրիի» 1971-ի շարժապատկերին 50-ամեակին, կահաւորած է տուրմերով լեցուն յատուկ սենեակ մը: Մէկ գիշերը 300 տոլարի արժող այս սենեակը ձեզի առիթը պիտի տայ մտնելու այդ տուրմէ աշխարհին մէջ: Այդ սենեակը կարելի պիտի ըլլայ մտնել շնորհիւ ոսկի տոմսակի մը, եւ ուր այցելուները առիթը պիտի ունենան ձրիօրէն եւ անսահմանափակ քանակով համտեսելու տեսակաւոր տուրմեր, շաքարեղէններ, տաք ըմպելիներ…
Ապա անոնք պիտի կարենան հանգստանալ քինկ սայզ մեծ անկողինի մը մէջ` հագուելով տուրմի գործարանին, Ուիլի Ուանքայի նախասիրած մանիշակագոյն տնային հագուստները եւ մուճակներ, գործածել տուրմի հոտով օճառներ եւ անուշահոտներ եւ նոյնիսկ մխրճուիլ տուրմով լեցուն լոգարանի մը մէջ:
Գիտէի՞ք նաեւ, որ այս իւրայատուկ սենեակին պատերը ծածկող զարդարուած «թուղթն» ալ տուրմէ է, եւ կարելի է զայն լզել` երբ տուրմի պակասը կը զգացուի, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս` Տալի գիրքին մէջ: Սենեակը օժտուած է նաեւ տուրմի «աղբիւրի» մեքենայով մը, ուր կարելի է թաթխել պտուղներ, մարշմէլօ, անուշեղէններ…
* * *
Իսկ դուն պիտի ուզէի՞ր այցելել այս երազային վայրը:
Ի՞նչ Տեսակի Տուրմ
Կը Նախընտրես
Քանի մենք տուրմը շատ կը սիրենք, մեզի համար դժուար կ՛ըլլայ մերժել, երբ մեզի կը հրամցնեն այդ քաղցր ուտելիքը: Իսկ դո՞ւն, ո՞րն է քու նախասիրած տուրմի տեսակդ:
* * *
Որքա՞ն կրնամ ուտել
Կարելի է ամէն օր կտոր մը սեւ (առանց կաթի) տուրմ ուտել: Սակայն աւելի ուշադիր պէտք է ըլլալ կաթով տուրմին կամ ճերմակ տուրմին պարագային: Անոնք շատ աւելի շաքար եւ իւղոտ մարմիններ կը պարունակեն: Հետեւաբար նախընտրելի է, որ այս տեսակները մենք միայն երբեմն ուտենք:
Անոր ազդեցութիւնը մեր տրամադրութեան վրայ
Սեւ տուրմը կը պարունակէ.
– Քաֆէին, որ մեզի աշխուժութիւն կու տայ եւ կ՛օգնէ յոգնութիւնը յաղթահարելու:
– Սերոթոնին, որ մեր տրամադրութիւնը կը փոխէ եւ լաւ զգացողութիւն կը յառաջացնէ:
– Մակնեզիում, որ ճնշուածութեան դէմ շատ լաւ զէնք մըն է:
Ամէն ինչ կախեալ է գոյնէն…
Սեւ տուրմին, կաթով տուրմին եւ ճերմակ տուրմին միջեւ գլխաւոր տարբերութիւնը անոր պատրաստութեան համար գործածուած քաքաոյի քանակն է:
– Սեւ տուրմը. ան քաքաոյի եւ շաքարի խառնուրդ մըն է: Կարելի է անոր մէջ աւելցնել համեմներ` վանիլա, չոր պտուղներ (չամիչ, նուշ, կաղին…):
– Կաթով տուրմը. ան քաքաոյի, շաքարի եւ կաթի խառնուրդ մըն է:
– Ճերմակ տուրմը. ան քաքաոյի կարագի, շաքարի, կաթի եւ համեմներու խառնուրդ մըն է: Ան միւս տուրմերէն տարբեր է, որովհետեւ քաքաօ չի պարունակեր. ան շատ քիչ կենսանիւթեր եւ հանքային նիւթեր կը պարունակէ:
Սեւ տուրմը կրնայ պատրաստուիլ 44-100 առ հարիւր քաքաոյով: 90-էն աւելի համեմատութիւն քաքաօ պարունակող տուրմերը շատ լեղի կ՛ըլլան, եւ անոնց գինը շատ սուղ կ՛ըլլայ:
– Տուրմը լա՞ւ է ակռաներուն համար:
Սեւ տուրմը կրնայ մեզի օգնել ակռաներու փտութեան դէմ պայքարելու, որովհետեւ ան կը պարունակէ նաեւ թանիններ, որոնք կ՛արգիլեն մանրէներու աճումը, ակռաներուն պաշտպանողական խաւը` էմայը զօրացնող ֆլուոր եւ` ֆոսֆաթներ, որոնք կը պայքարին մեր ակռաները փճացնող թթու ուտելիքներուն դէմ:
Տուրմի Կտորը
Կրնա՞ս գտնել բոլոր զոյգ կտորները, որոնք կը կազմեն տուրմին ամբողջական մեծ կտորը:
834 Պանիրի Տեսակով
Փիցցան
Անուշէն ետք համտեսենք… աղին:
* * *
Վստահաբար պիտի մտածես, որ փիցցայի մը վրայ 2 քիլօ պանիր դնելը քիչ մը շատ է: Բայց երբ այս երկու քիլօ պանիրը կազմուած կ՛ըլլայ 834 պանիրի տարբեր տեսակներէ, ան կրնայ մրցանիշ համարուիլ:
Այս «քաջագործութիւնը» կրցան գործել 3 ֆրանսացիներ` խոհարար մը պանրագործ մը եւ Եութուպի աշխատող մը: Անոնք կրցան մօտաւորապէս 2 ժամուան մէջ պատրաստել 30,5 սմ տրամաչափ ունեցող փիցցա մը` պանիրի վրան 834 տարբեր տեսակներ դնելով:
Քանի մը անձեր, որոնք առիթը ունեցան համտեսելու այս փիցցան, շատ սիրեցին: Պէտք է նշել, որ այս փիցցային մէջ գործածուած բոլոր պանիրները ֆրանսական պանիրներ էին: Այս խմբակին սկզբնական նպատակը 1000 պանիրի տեսակներով փիցցա մը շինելն էր… Անշուշտ բոլոր անոնք, որոնք այս մարտահրաւէրով հետաքրքրուած են, տակաւին առիթը ունին մրցանիշը արձանագրելու, Ֆրանսա կ՛արտադրէ պանիրի 1200-1500 տարբեր տեսակներ:
Ժամանց



