Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեծիկ Մը Եւ Հին Սառնարան Մը` Ելեկտրականութիւն Հայթայթելու Համար Ամբողջ Գիւղի Մը

Սեպտեմբեր 11, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Միայն Լիբանանի մէջ չէ, որ ելեկտրականութեան հետ կապուած հարցեր գոյութիւն ունին: Գիտէի՞ր, որ արեւելեան Ափրիկէի երկիրներէն` Մալաուիի մէջ բնակչութեան միայն 11 առ հարիւրը ելեկտրական ցանցի մը կապուած է: Սակայն աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներէն մէկուն մէջ անձ մը գտած է լուծում մը, Մալաուիի մէջ, քաղաքէն դուրս, արեւը մայր մտնելէ ետք բոլոր աշխատանքները կը դադրին: Այդ շրջաններուն  մէջ ելեկտրականութիւն չկայ:

Իր ուսումը վերջացնելէ ետք Քոլրըրտ Նքոսի կը վերադառնայ իր գիւղը, սակայն անոր դժուար կ՛ըլլայ առանց ելեկտրականութեան առօրեայի մը վերադառնալ: Ան կը նկատէ, որ իր տան առջեւէն անցնող Քազանկազի գետը ունի բաւական ուժ` իր հեծիկին ոտնակները դարձնելու համար:

Հետեւաբար ան կը շինէ տինամօ մը, որ պիտի կարենայ ելեկտրականութիւն արտադրել` շնորհիւ հոսանքին յառաջացուցած ուժին: Երբ ան կը յաջողի ելեկտրական հոսանքը հասցնել մինչեւ իր տունը, լուրը կը տարածուի գիւղին մէջ: Բնակիչները կը սկսին Քոլրըրտի տունը գալ իրենց հեռաձայններուն պաթըրիները լիցքաւորելու համար:

***

Քոլրըրտ կ՛ուզէ աւելցնել ելեկտրականութեան արտադրութիւնը: Ան գետին հոսանքը կը շեղէ` ստեղծելով փոքրիկ ջրվէժ մը, ապա ելեկտրականութիւն արտադրող թիւրպին մը կը շինէ` գործածելով սառնարանի մը քոմփրեսէօրը. այս ձեւով ան կրնայ ելեկտրականութիւն հայթայթել վեց տուներու:

Այժմ գիւղին մէջ ելեկտրականութիւն կայ շնորհիւ այս փոքրիկ արհեստական մեքենային: Գիւղին դպրոցը շրջանի 17 դպրոցներէն միակն է, որ լոյս ունի:

Ելեկտրականութեան հոսանքը երկու քիլոմեթրի վրայ կը փոխադրուի ելեկտրականութեան յատուկ պողպատէ տարրական թելերով` ծառի կոճղերու վրայ կախուած:

Ելեկտրականութիւն գործածողները ամսական նուազ քան 2 տոլար կը վճարեն օգտուելու համար հոսանքէն:

Քլորըրտ կը յուսայ, որ մարդիկ այլեւս ծառերը չեն կտրեր եւ փայտի ածուխ չեն գործածեր: Ան կը յուսայ նաեւ, որ այս ձեւով աշակերտները աւելի ժամանակ կ՛ունենան սորվելու:

 

Անոր այս գիւտը գրաւած է տեղական պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը` 15 հազար բնակիչներու ելեկտրականութիւն հայթայթելու հեռանկարով, Իսկ պետութիւնը խոստացած է ապահով եւ տոկուն ելեկտրական թելերու ցանց մը հաստատել:

Ինչպէ՞ս Կրնայ Ըլլալ Կեանքը
Հրատ Մոլորակին Վրայ

Գիտէիր, որ չորս անձեր մէկ տարուան ընթացքին պիտի ապրին այնպէս, ինչպէս կրնանք ապրիլ Հրատ մոլորակի պայմաններուն մէջ:

Այս չորս կամաւորները այդ մէկ տարին պիտի անցընեն Հրատ մոլորակի կեանքի պայմաններով շինուած յատուկ կեդրոնի մը մէջ: Անոնք 30-55 տարեկան պէտք է ըլլան, ոչ ծխողներ, եւ արդէն ապրին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս խմբակը կազմուած պիտի ըլլայ` գիտնականներէ, ճարտարագէտներէ, բժիշկներէ կամ օդաչուներէ:

Չորս կամաւորները պիտի ապրին 158 մեթր քառակուսի մեծութեամբ վայրի մը մէջ եւ պիտի ունենան քիչ քանակով ուտելիք ու ջուր: Անոնք փորձեր պիտի կատարեն եւ լուծումներ պիտի փորձեն գտնել մեքենական խանգարումներու պարագային, հաղորդակցութեան հարցերու…

ՆԱՍԱ-ն յայտարարեց, որ այս փորձառական շրջանը պիտի սկսի 2022-ի աշնան:

Փիղերը Վերջապէս
Տուն Վերադարձան

Ամրան ընթացքին մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս խումբ մը փիղեր լքած էին իրենց պահպանուած բնակավայրը Չինաստանի Եունան նահանգին մէջ եւ սկսած էին խորհրդաւոր երկար արշաւ մը` կտրելով հարիւրաւոր քիլոմեթրեր:

Տակաւին մինչեւ այսօր ո՛չ մէկը գիտէ, թէ ինչո՛ւ անոնք այս ձեւով ճամբայ ելած են: Սակայն անոնց ամբողջ արշաւին ընթացքին մասնագէտները հետեւած են անոնց եւ զանոնք «ուղղորդած են» տուներէ եւ դաշտերէն հեռու ուտելիք դնելով, որպէսզի այս հսկայ անասունները վնասներ չհասցնեն կամ արկածներու պատճառ չդառնան: Այս ձեւով 150 հազար բնակիչներ հեռացուեցան անոնց ճամբուն վրայէն, մինչեւ անոնք հեռացան առանց վնասներ պատճառելու: Աւելի քան 25 հազար անձեր մասնակցեցան այս աշխատանքներուն:

***

Վերջապէս, 16 ամսուան արշաւանքէ մը ետք, 14 փիղերէ բաղկացած այս երամակը կրցաւ վերադառնալ իր բնակավայրը: Այս փիղերը վարժուած են ապրելու եւ շրջելու ընդարձակ տարածութիւններու վրայ: Եւ մարդ արարածը իր դաշտերով եւ քաղաքներով միշտ աւելի տարածքներ կը գրաւէ` զանոնք զրկելով այդ կենսատարածքներէ…

Ռեմիի Եւ Քաթոտի
Արկածախնդրութիւնները

Քաթոտ 8 տարեկան էգ կատու մըն է: Ան վեց ամսական էր, երբ երիտասարդ ճարտարագէտ մը` Ռեմի Վիքարինի զայն որդեգրեց:

Սկիզբը, Ռեմի Քաթոտը հետը կը պտտցնէր իր հեծիկին վրայ, պզտիկ կողովի մը մէջ: Ռեմի մարզանքը սիրող անձ մըն է: Հետեւաբար, նկատելով, որ կատուն որեւէ ձեւով անհանգիստ չէր զգար այդ պտոյտներուն ընթացքին, կ՛որոշէ զայն մասնակից դարձնել տարբեր ժամանցներու:

***

Ռեմի Քաթոտի համար յատուկ քասք մը շինել տուաւ, եւ կատուն սկսաւ իր տիրոջ ընկերանալ շարժանիւով պտոյտներու ընթացքին: Այս ձեւով, ուսապարկի մը մէջ ապահով կերպով տեղաւորուած` Քաթոտ Ռեմիի հետ ծանօթացաւ նաեւ ձիւնին եւ դահոյկին, ան իր տիրոջ հետ ըրաւ նաեւ ռոլլըր, երկնքին մէջ փարափլէյն…

Ռեմի սկսաւ իրենց այս արկածախնդրութիւններուն նկարները դնել ընկերային ցանցերուն վրայ: Եւ շատ շուտ աւելի քան 55 հազար անձեր սկսան հետեւիլ անոնց արկածախնդրութիւններուն:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 70` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը: Ապա զայն ներկէ՛:
Կրնա՞ս գտնել պիստակներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները.
1 խնձոր, 2 տանձ, 3 կաղամբ, 4 ձեռնասայլ, 5 շոճիի պտուղ, 6 կրկնակօշիկ, 7 ոզնի, 8 ամպ, 9 մեծ դդում, 10 խոզկաղին:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021)

Յաջորդը

Լիբանանահայ Տուտուկահարի Մը Փորձառութիւնը Կիպրոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջարաբական Երաժշտական Ծրագիրին

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?