Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մեր երկար արձակուրդները արդէն կը վերջանան: Քանի մը օրէն մենք դարձեալ դպրոցի ճամբան պիտի բռնենք: Ահա` քանի մը խրատներ, որպէսզի կարենանք հանդարտ վերամուտ մը ապրիլ:
Ֆիզիքական վիճակ
Վերամուտը նոր կեանքի կշռոյթ մը կը բերէ մեր առօրեայ կեանքին: Այս փոփոխութիւնը կրնայ սթրես եւ անհանգստութիւն պատճառել: Հետեւաբար կարեւոր է, որ մենք այս դպրոցական կշռոյթին անցնինք կամաց-կամաց` յարգելով մեր ֆիզիքական պէտքերը: Այս ձեւով, կարեւոր է, որ մենք լաւ քնանանք, լաւ ուտենք, շնչենք: Մենք մեր ուղեղը կը սնուցանենք լաւ բաներով, օգտակար ուտելիքներով եւ ջուրով, որպէսզի ան լաւ բանի: Փորձենք նաեւ իրարանցում չյառաջացնել:
Կազմակերպուիլ
Երբ մենք կը տիրապետենք մեր շուրջ պատահած դէպքերուն, նուազ սթրես կը զգանք: Հետեւաբար կարեւոր է սկիզբէն կազմակերպուիլ: Քանի մը օր առաջ գնել դպրոցական պիտոյքները, պայուսակը պատրաստել, ուրախութեամբ ծանօթանալ մեր նոր գիրքերուն, առարկաներուն, զարդարել եւ պիտակներ դնել տետրակներուն վրայ, պատրաստել դասացուցակի տախտակ մը` վրան նշելով դպրոցէն դուրս մեր ժամանցները, գծագրութեան, երգի, պարի դասեր, մարզանքի փորձեր… Հաճելի միջոց մըն է նաեւ կազմել ցանկ մը` չմոռնալու համար ձեր ընելիքները եւ գիծ քաշել անոնց վրայ, երբ գործ մը աւարտէք:
Անշարժ չմնանք
Ֆիզիքական շարժումները մեզի կ՛օգնեն մեր մարմնին ճնշումներէն ձերբազատելու: Հետեւաբար օգտակար է օրական քալելով կարճ պտոյտ մը ընել, քիչ մը հեծիկ քշել, խաղավայր երթալ…
Մեր մտքերուն տիրապետենք
Յաճախ մենք մեր մտքին մէջ բաներ կ՛երեւակայենք. օրինակի համար, որ վերամուտը կրնայ շատ լաւ չանցնիլ:
Այս մտածումները կրնան մեր սթրեսը, անհանգստութիւնը աւելցնել: Սակայն մեր երեւակայածները անպայման իրականութիւնը չեն ներկայացներ: Հետեւաբար մենք մեր միտքերուն տէրը դառնալով` կրնանք անոնց դրական ուղղութիւն մը տալ, վերամուտը ուրախ դէպքի մը վերածել: Օրինակի համար, վերամուտին մենք առիթը կ՛ունենանք` դարձեալ մեր ընկերները տեսնելու, նոր պիտոյքներ ունենալու, նոր ուսուցիչներու ծանօթանալու… մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք հաճելի վայրկեաններուն, առիթներուն վրայ:
Արտայայտուինք
Կարեւոր է, որ մենք արտայայտենք մեր զգացածը, ըսենք, թէ ի՛նչ կը մտածենք վերամուտին մասին: Կրնանք մենք արտայայտուիլ` խօսելով, գրելով, խաղալով, պարելով, պզտիկ վիտէօ մը պատրաստելով… Մեր զգացումները մեզի կրնան ծառայել բաներ ստեղծելու համար:
Բարի՛ վերամուտ:
Չմոռնա՛նք
Երկար բաժանումէ ետք մենք դարձեալ դպրոց պիտի վերադառնանք, պիտի տեսնենք մեր ընկերները, աշխատինք իսկական դասարանի մը մէջ եւ խաղանք բակին մէջ: Սակայն այս ամէնը մենք դարձեալ ամբողջական ազատութեամբ պիտի չկարենանք ընել, որովհետեւ «Քովիտ 19» ժահրը տակաւին կը շրջի մարդոց մէջ:
Հետեւաբար շատ կարեւոր է, որ մենք շարունակենք անոր դէմ պաշտպանուիլ եւ մեր շուրջինները պաշտպանելու կարեւոր միջոցառումները շարունակենք կիրարկել: Այս ձեւով, չմոռնա՛նք.
– Դիմակը գործածել, երբ հարկ է:
– Միշտ 1 մեթր հեռու մնալ մեր շուրջի անձերէն, նոյնիսկ` բարեւ ըսելու համար:
– Յաճախ ձեռքերը լաւ լուալ օճառով, իսկ եթէ օճառ չկայ, ժելով:
– Փորձել չդպչիլ մեր աչքերուն, քիթին եւ բերնին:
– Առարկաներ չփոխանակել, ուրիշներու առարկաներուն չդպչիլ:
– Հազալ եւ փռնգտալ արմուկին մէջ:
– Խնջելու համար գործածել թուղթէ թաշկինակ մը եւ զայն անմիջապէս աղբամանին մէջ նետել, ապա ձեռքերը լուալ:
Հնդկաստանի Մէջ
Յոյսի Դպրոցներ
Գիտէի՞ր, որ Հնդկաստանի մէջ գոյութիւն ունին շատ յատուկ դպրոցական փոխադրակառքեր: Այս փոխադրակառքերը չեն ծառայեր աշակերտները դպրոց տանելու… այլ անոնք ինքնին դպրոցն են: Անոնք «Յոյսի փոխադրակառքերն» են:
Ամէն օր անոնք կը շրջին ութ տարբեր վայրերու մէջ` Հնդկաստանի Նիւ Տելհի քաղաքին մէջ: Այս ձեւով է, որ անոնք ուսում կը ջամբեն երկրին կարգ մը ամէնէն աղքատ մանուկներուն` անոնց տալով միջոցը` ապագային ունենալու աւելի լաւ գործեր եւ աւելի լաւ ապագայ:
Այս փոխադրակառք-դպրոցը յաճախող մանուկներուն մեծ մասը գաղթականներու, բանուորներու եւ նոյնիսկ անտուն ընտանիքներու զաւակներ են: Այս շրջուն դասարանը կրնայ ընդունիլ մինչեւ 50 աշակերտ նոյն ատեն: Հոն կը դասաւանդուին անգլերէն, հնդկերէն եւ թուաբանութիւն. դասերը կը տեւեն ընդամէնը երկու ժամ: Ուսումի կողքին, այս իւրայատուկ դպրոցը իր աշակերտներուն կը հայթայթէ նաեւ կէսօրուան ճաշ:
Ժամանց



















