Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոնի Հարիւրամեայ Մարդիկը

Նոյեմբեր 27, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճափոնի մէջ հարիւրամեայ անձերուն թիւը մրցանիշ արձանագրած է: Այս կղզեխումբերէ կազմուած երկիրը ամէնէն բարձր տարիքի բնակչութիւնը ունեցող երկիրներէն մէկն է: Սակայն այս երեւոյթին պատճառը ի՞նչ է:

***

15 տարիներէ ի վեր Ճափոնը կը տառապի բնակչութեան բարեշրջումի դժուարութիւններէ: Ճափոնի բնակչութիւնը աշխարհի ամէնէն տարիքոտ բնակչութիւններէն մէկն է: Ասոր գլխաւոր պատճառներէն են` երկար կեանքի լաւ պայմանները, ծնունդներու շատ ցած տոկոսը եւ դէպի Ճափոն շատ աննշան գաղթը:

Այս տարի Ճափոնը արձանագրած է նաեւ ամէնէն մեծ թիւով հարիւրամեայ անձեր ունեցող երկրի մրցանիշը: Այժմ Ճափոնի մէջ կ՛ապրին 100 եւ աւելի տարիք ունեցող 86.510 անձեր, այսինքն 6060 աւելի հարիւրամեաներ, քան` 2020 թուականին:

118 տարեկան Քան Թանաքա Ճափոնի եւ ամբողջ աշխարհի երիցագոյն մամիկն է, մինչ 111 տարեկան Միքիզօ Ուէտա երկրին երիցագոյն պապիկն է:

1963 թուականին Ճափոնի մէջ կ՛ապրէին 153 հարիւրամեայ անձեր: Անոնց թիւը հասաւ 1000-ի` 1981-ին, իսկ 10 հազարի սահմանը անցաւ 1998-ին:

Հարիւրամեաներու թիւին այս աճման գլխաւոր պատճառներէն մէկը բժշկութեան արձանագրած յառաջդիմութիւններն են: Ըստ կարգ մը անձերու, մեծ դեր կը կատարեն նաեւ տարիքոտ անձերու համար պետութեան կողմէ տրամադրուած խնամքներու ծրագիրները: Վստահաբար սննդականոնն ալ մեծ դեր կը խաղայ: Ճափոնական աւանդական սննդականոնը շատ առողջապահական եւ հաւասարակշռուած է, որ հիմնուած է յատկապէս ձուկի, բրինձի եւ բանջարեղէններու վրայ: Այս ձեւով ան վնասակար իւղերով եւ շաքարով հարուստ չէ:

Ասոր կողքին, պէտք է նշել նաեւ, որ ճափոնցիները շարժիլը էական կը նկատեն առողջ մարմին մը ունենալու համար:

Պանքոքի Մէջ Թաքսիները Կը Վերածուին
Փոքրիկ Բանջարանոցներու

Այս հազուադէպ պարագային ինքնաշարժները դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան կենսոլորտին վրայ…

***

«Քորանա» ժահրին պատճառով հաստատուած խիստ օրէնքները ծանր վնասներ հասցուցած են Թայլանտի զբօսաշրջութեան: Զբօսաշրջիկներու թիւը այնքան պակսած է, որ թաքսիներու վարորդները գրեթէ անգործ մնացած են: Այս ձեւով, «Պոուըրն թաքսի քոոփերաթիվ» ընկերութիւնը կորսնցնելով իր գլխաւոր յաճախորդները` ստիպուած եղած է իր 200 ինքնաշարժները կառատունը պահել, որովհետեւ ինքնաշարժներուն վարիչներն ալ որոշած են վերադառնալ իրենց գիւղերը` գործ փնտռելու համար:

***

Հետեւաբար Պանքոքի արեւմուտքը գտնուող բացօթեայ կառատան մէջ ընկերութեան կարգ մը պաշտօնեաները որոշած են այս ինքնաշարժները «անգործ» չձգել: Տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս տեղատարափ անձրեւներէ ետք բնութիւնը բնականօրէն դարձեալ կ՛աճէր, անոնք որոշած են այդ լքուած ինքնաշարժներուն տանիքները եւ մեքենաներուն մետաղեայ կափարիչները վերածել փոքրիկ բանջարանոցներու: Շուտով այդ ընդարձակ կառատունը վերածուած է մշակուած դաշտի մը, ուր կը բուսնին` սմբուկ, պղպեղ, դդում եւ նոյնիսկ ռեհան: Իսկ լքուած անիւները կը ծառայեն իբրեւ փոքր լճակներ, ուր գորտեր եկած են բնակելու:

Այս նախաձեռնութեան դիմուած է օգնելու համար անգործ մնացած վարորդներուն եւ պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ` զբաղում մը հայթայթելու այս արտասովոր ժամանակներուն: Ընկերութեան տնօրէններէն մէկը նոյնիսկ յայտարարած է, որ եթէ հունձքը բաւականաչափ առատ ըլլայ, անոնցմէ բաժին մը պիտի ծախուի քաղաքի շուկաներուն մէջ` դարձեալ օգնութեան հասնելով բազմաթիւ կարիքաւոր անձերու:

Ինչի՞ Կը Ծառայեն
Անթիպիոթիքները

Երբեմն, երբ մենք հիւանդ կ՛ըլլանք, բժիշկը մեզի կը թելադրէ անթիպիոթիք առնել: Այս շատ զօրաւոր դեղը մեզի կ՛օգնէ` յաղթահարելու կարգ մը հիւանդութիւններ: Սակայն, երբ անոնք ճիշդ կերպով չգործածուին, անոնք իրենց ազդեցութիւնը կրնան կորսնցնել:

***

– Ի՞նչ են անթիպիոթիքները

Անթիպիոթիքները շատ ազդու դեղեր են պայքարելու համար ցպկամարմիններու (պաքթերիա) դէմ: Այս դեղերուն ազդեցութիւնը գտաւ Ալեքսանտր Ֆլեմինք, 1928-ին, երբ իր աճեցուցած ցպկամարմինները փճացան սունկի մը վարակումէն:

Գոյութիւն ունին երկու տեսակի անթիպիոթիքներ. անոնք, որոնք կը պայքարին տարբեր տեսակի ցպկամարմիններու մեծ խումբի մը դէմ, եւ անոնք, որոնք կ՛ուղղուին մէկ տեսակի ցպկամարմինի մը դէմ` զայն փճացնելու համար:

– Ե՞րբ կարելի է անթիպիոթիքներ առնել:

Մենք չենք կրնար միշտ սկիզբէն անթիպիոթիքներ առնել չհիւանդանանալու համար: Բոլոր հիւանդութիւնները նոյն ցպկամարմիններէն չեն յառաջանար: Օրինակի համար, եթէ հիւանդութեան պատճառը ժահր (վիրիւս) մըն է, անթիպիոթիքները բանի մը չեն ծառայեր: Կրիփի եւ կարգ մը տեսակի հարբուխները անթիպիոթիքներով չեն դարմանուիր: Այս պատճառով բժիշկները շատ ուշադիր կ՛ըլլան եւ անթիպիոթիքներ կու տան միայն այն ատեն, երբ անհրաժեշտ է, որովհետեւ որքան ցպկամարմին մը անթիպիոթիքի մը ազդեցութեան ենթարկուի, այնքան անիկա «կը սորվի» անոր դիմադրելու, եւ ասիկա մեծ չափով կը նուազեցնէ դեղին ազդեցութիւնն ու կը դժուարացնէ հիւանդութիւններուն դարմանումը: Ասոր կողքին, եթէ մենք անթիպիոթիքները ճիշդ ձեւով չօգտագործենք, անոնք կրնան յարձակիլ մարդկային մարմնին մէջ գոյութիւն ունեցող լաւ ցպկամարմիններուն վրայ: Հետեւաբար ճիշդ է, որ անթիպիոթիքները շատ օգտակար են, սակայն երբ ճիշդ ձեւով չօգտագործուին, անոնք նուազ ազդու կը դառնան:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել աթոռներուն գոյները:
– Աթոռները կարմիր, կապոյտ, կանաչ եւ դեղին են:
– Առաջին աթոռը կարմիր է:
– Երկրորդ աթոռը ո՛չ կապոյտ, ո՛չ ալ դեղին է:
– Վերջին աթոռը ջուրին գոյնը ունի:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու այս փեթակները` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր թիւ հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարին: Վերջին փեթակը ունի 3 տարբեր լուծումներ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 26 Նոյեմբեր 2021)

Յաջորդը

Գրամեքենայիս Հետ

RelatedPosts

Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծա՞ռը…
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծա՞ռը…

Օգոստոս 6, 2022
Գիտէի՞ր, Թէ…  Ծովափի Աւազը Եկած Է Սառցակոյտերէն
Մանկապատանեկան

Գիտէի՞ր, Թէ… Ծովափի Աւազը Եկած Է Սառցակոյտերէն

Յուլիս 23, 2022
Անջրպետ.  «Ճէյմս-Ուեպ» Անջրպետային Աստղադիտակին Նկարները
Մանկապատանեկան

Անջրպետ. «Ճէյմս-Ուեպ» Անջրպետային Աստղադիտակին Նկարները

Յուլիս 16, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In