Ուրկէ՞ Կու Գայ Հովը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս ձմեռնային օրերուն, անձրեւներու եւ փոթորիկի եղանակին յաճախ կ՛ընկերակցին զօրաւոր հովեր: Հովը միշտ գոյութիւն ունեցած է երկրագունդին վրայ, սակայն 1640 թուականներուն է միայն, որ մարդիկ սկսան հասկնալ, թէ ան ուրկէ՛ կու գար: Գիտնականներ Փասքալ եւ Թորիչելլի կը փաստեն, որ ան օդին հորիզոնական շարժում մըն է երկրագունդի մակերեսին վրայ: * * * Արեւուն սխալն է Հովին ծագումը...




















