Ապագայի Դպրոցին Մէջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բնաւ մտածա՞ծ ես, թէ ինչի՞ կրնայ նմանիլ ապագայի դպրոցը: Անշուշտ մենք չենք գիտեր, թէ ան ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ հազար տարի ետք. սակայն ի՞նչ կրնայ փոխուիլ դպրոցի դրութեան մէջ, երբ դուն չափահաս ըլլաս: Առանց Ուսուցիչի Դասե՞ր Համալսարաններու մէջ այս դրութիւնը արդէն գոյութիւն ունի երկար ատենէ ի վեր. ուսուցիչը դասը կը բացատրէ, սակայն ան դասարանին մէջ չէ: Ան...




















