Մարզական

Ըստ Սպանական Մամուլին. Քութինիօ Այսօր Պիտի Միանայ Պարսելոնայի

Սպանական հանրածանօթ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» մարզաթերթին համաձայն, Լիվըրփուլի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիօ այսօր` երեքշաբթի, 8 օգոստոսին պաշտօնապէս պիտի միանայ Պարսելոնայի: 25 տարեկան պրազիլցի ֆութպոլիստին փոխանցման համար Պարսելոնա համաձայն գտնուեցաւ անգլիական ակումբին վճարել 100 միլիոն եւրօ: Կը նախատեսուի, որ ան 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ քաթալոնական ակումբին հետ: Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ Լիվըրփուլի կատարած վերջին մրցումին Քութինիօ բացակայեցաւ` մէջքի ցաւեր ունենալուն պատճառով:

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան 5 Ըմբիշով Կը Մասնակցի Մրցումներուն

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականը հինգ ըմբիշով պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան, յայտնեց խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար Յաբեթնակ Կուրղինեան: Հաւաքականը երէկ վերադարձաւ Ռուսիայէն, ուր միացեալ հաւաք կատարեց Ռուսիոյ խումբին հետ: Հայաստանի խումբին վերջնական կազմը կը յստականայ Օլիմփիաւանի մէջ տեղի ունենալիք հաւաքէն ետք: Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21-27 օգոստոսին` Ֆրանսայի մէջ:

Ալպերթ Սաֆարեան` Արարատ Երեւանի Գլխաւոր Մարզիչ

Արարատ Երեւան ֆութպոլի ակումբը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ «Փրօ» կարգի արտօնագիրի բացակայութեան պատճառով, այս տարեշրջանին Արկադի Անդրէասեան պիտի ըլլայ խումբին աւագ մարզիչը: Իսկ խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը պիտի վստահուի Ալպերթ Սաֆարեանին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, սկզբունքով երէկ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ) տեղի պիտի ունենար ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Անսար մրցումը: Սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթ օր յայտնեց, որ այս մրցումը պիտի յետաձգուի եւ անոր կայացման նոր թուականը շուտով պիտի յայտարարուի` նկատի ունենալով, որ լիբանանցի իրաւարարները յատուկ դասընթացք - մարզումի մէջ են` պատրաստուելու համար Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

Ասիա-2017.  «Նուհատ Նաուֆալ» Մարզադաշտին Դասաւորումները Ամբողջացան

Ասիա-2017. «Նուհատ Նաուֆալ» Մարզադաշտին Դասաւորումները Ամբողջացան

Ինչպէս ծանօթ է, 8-20 օգոստոսին Լիբանան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի: Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան կազմակերպիչները նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեցին, որ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին (Զուք) դասաւորումները ամբողջացած են եւ Լիբանան պատրաստ է ասիական այս մեծագոյն մրցաշարքը հիւրընկալելու: Ներքին ապահովութեան ուժերը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրած են, որպէսզի երաշխաւորուի ախոյեանութեան...

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան հռչակուեցաւ աշխարհի փոխախոյեան: Ֆինլանտայի Թամփերէ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասնող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան 66 քկ դասակարգի աւարտականին ան պարտութիւն մը կրեց իրանցի Ամին Քաւիանինեճատէն` 3-3 արդիւնքով: Ամոյեան աւարտականի իր տոմսը ապահովեց յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի եւ թուրք մրցակիցներուն: Տիգրան Մինասեան (55 քկ) պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին պարտութիւն մը...

Ասիա-2017. «Սանիթա»` Գլխաւոր Հովանաւորը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ նշեց, որ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նախօրեակին, «Սանիթա» ընկերութիւնը որոշեց դառնալ այս ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւնը: Յայտնենք, որ «Սանիթա» նախապէս այլ առիթներով ալ եղած է պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողքին: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ` Փիեռ Քախիա շնորհակալութիւն յայտնեց «Սանիթա» ընկերութեան տնօրէն Նաամաթ Աֆրամին` ախոյեանութեան հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար:

Պասքեթպոլ. Աշխարհի 2019-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականին Երկրորդ Յաղթանակը

2019-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 օգոստոսին, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Շուէտը, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 82-69 արդիւնքով: Ինչպէս ծանօթ է, Ա. խմբակին մաս կազմող Հայաստան աշխարհի ախոյեանութեան իր նորամուտը նշեց յաղթանակով` յաղթելէ ետք Սլովաքիոյ (75-61): Այս երկրորդ մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-23, 22-19, 13-16 եւ 26-11: Հայրենի կազմը...

Հայկական Ֆութպոլ. Բանանց – Փիւնիկ` 2-2

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2017 տարեշրջանի ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, Փիւնիկ, որ հիւրը եղաւ Բանանցի, չկրցաւ իր ունեցած երկու կոլի առաւելութիւնը պահել հիւրընկալ կազմին նկատմամբ եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Մինչեւ մրցումին 76-րդ վայրկեանը Փիւնիկ կը յառաջանար 2-0 արդիւնքով` շնորհիւ Ալիկ Առաքելեանի տուպլէին (4-րդ եւ 47-րդ): Սակայն Բանանց յաջողեցաւ նշանակել 2 կոլ` շնորհիւ Նորայր...

Անգլիոյ Գերբաժակի Մրցաշարք. Արսենալ Փենալթիներով (4-1) Յաղթեց Չելսիի

Երէկ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ աւելի քան 83 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Անգլիոյ գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը («Քոմիւնիթի Շիլտ»), որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Անգլիոյ ախոյեան Չելսի եւ բաժակակիր Արսենալ: Մարզիչ Արսեն Վենկերի կազմը Արսենալ, տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով յաղթելէ ետք Չելսիի (4-1): Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Փենալթիները հարուածելու ընթացքին իրենց առաքելութեան մէջ չյաջողեցան Չելսիի մարզիկներէն երկուքը` Թիպօ Քուրթուա եւ Ալվարօ Մորաթթա:...

Գերմանիոյ Գերբաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխ Փենալթիներով (5-4) Յաղթեց Պորուսիա Տորթմունտի

Աւելի քան 81 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ տիրացաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ փենալթիներով 5-4 արդիւնքով յաղթեց բաժակակիր Պորուսիա Տորթմունտին: Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով: Տորթմունտի «Սիկնըլ Իտունա Փարք»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին յաղթական հռչակուեցաւ իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի կազմը, որ յաջողեցաւ յաղթել հոլանտացի մարզիչ Փիթըր Պոշի գլխաւորած խումբին:

Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Մօ Ֆարահ` Աշխարհի Վեցակի Ախոյեան

Լոնտոնի մէջ սկսած աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան առաջին ոսկի մետալին տիրացաւ անգլիացի վազող Մօ Ֆարահ (34 տարեկան): Ողիմպիականի քառակի ախոյեան Ֆարահ 10 հազար մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրեց 26' 49" 53 արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ ուկանտացի Ճոշուա Շեփթեկէյ (26' 49" 94), մինչ պրոնզէ մետալին տիրացաւ քենիացի Փոլ Թանուի (26' 50" 60): Այս ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ վերջինը Ֆարահի համար, որ այսպիսով դարձաւ աշխարհի...

Ուքրանական Ֆութպոլ. Էտկար Մալաքեան Կոլի Հեղինակ

Էտկար Մալաքեան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը` Սթալ Քամիանսքէ, որ հիւրն էր Քարփաթիի, 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Սթալի եւ մրցումին առաջին կոլը փենալթիով նշանակեց Էտկար Մալաքեան` 8-րդ վայրկեանին: Սակայն հիւրընկալ կազմը պատասխանեց երեք անգամ` 30-րդ, 64-րդ եւ 81-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն: Անոր եղբայրը` Գոռ Մալաքեան, իրեն նման մրցումին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան: Ցարդ իր կատարած...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Սկսաւ Յաղթանակով

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը: Բացման մրցումին ախոյեան Մոնաքօ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ տարեշրջանի բացման մրցումին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Թուլուզին: «Սթատ Լուիս Բ.» դաշտին մէջ (Մոնաքօ) ներկայ էին աւելի քան 13 հազար հանդիսատեսներ: Շուրջ 47 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, փոխախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ամիենը: Էտինսոն Քաւանի (42-րդ) եւ Խաւիէ...

Ասիա-2017. Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբին Մարզիկները

8-20 օգոստոսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն նախօրեակին ստորեւ ամփոփ տեղեկութիւններ կու տանք ազգային խումբին մարզիկներուն մասին: ՖԵՏԻ ԽԱԹԻՊ.- Խումբին խմբապետը, որ 3 անգամ մասնակցած է աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան, ան կը նկատուի խումբին ողնասիւնը: Այժմ 37 տարեկան, ան 18 տարեկանին սկսաւ իր արհեստավարժ ասպարէզը Սաժեսի հետ (1997): Մաս կազմած է նաեւ` Պլու Սթարզի, Շանվիլի, Ամշիթի, Ռիատիի եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ վաղը` կիրակի, ժամը 11:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց խումբը կը մրցի Անուարի դէմ, Պիպլոսի մարզադաշտին վրայ: Իր կատարած վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը կատարելով, 53-31 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժամհուրը (7-17, 7-14, 4-7 եւ 15-15): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այժմ կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Կիրակի...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Հայաստան – Շուէտ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Հայաստան – Շուէտ

2019-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 օգոստոսին, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը` մրցելով Շուէտի դէմ: Հայրենի կազմը, որ իր անկախութեան 25 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով կը մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան, իր առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց Սլովաքիոյ դէմ` 75-61 արդիւնքով: Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի ընտրանին այսօր եւս յաղթանակ մը կերտէ:

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ Ախոյեանին Պարտութեամբ

Երէկուան մրցումէն Երէկ` ուրբաթ, 4 օգոստոսին, ազդանշանը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 26-րդ ախոյեանութեան, երբ տեղի ունեցաւ 2017 տարեշրջանի Շիրակ - Ալաշկերտ բացման մրցումը: Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ախոյեան Ալաշկերտ պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը` 2-1 արդիւնքով: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Արտյոմ Միքայէլեան (45+1) եւ Արամ Մուրատեան (54-րդ), իսկ Ալաշկերտի կոլը` Միհրան Մանասեան (28-րդ): Նշենք, որ Շիրակէն Ռոպերթ Դարբինեան,...

Նէյմար Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Քանի մը շաբաթէ ի վեր շրջան ընող լուրերը` անուանի ֆութպոլիստ Նէյմարի վերաբերող, ի վերջոյ դադրեցան, երբ ան միացաւ իր նոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենին` լքելով իր ակումբը` Պարսելոնան: Իր պաշտօնական կայքին միջոցով մայրաքաղաքի կազմը յայտարարեց անոր ժամանումին մասին` դիտել տալով, որ ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց եւ պիտի կրէ թիւ 10 մարզաշապիկը: Նշուեցաւ, որ 3 օգոստոսի գիշերը 25 տարեկան...

Կռփամարտ. Վլատիմիր Քլիչքոն Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Արհեստավարժ կռփամարտի գերծանր կարգի, «Այ. Պի. Էֆ.»-ի, «Այ. Պի. Օ.»-ի, «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Էյ.»-ի եւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ Պի. Օ.»-ի վարկածներով աշխարհի նախկին ախոյեան Վլատիմիր Քրիչքօ` յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, որ վերջ պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին: 41 տարեկան ուքրանացին իր վերջին մենամարտը կատարեց այս տարուան 29 ապրիլին, Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ եւ նաք-աութով պարտութիւն մը կրեց անգլիացի Անթոնի Ճոշուայէն: Իր...

Page 942 of 1277 1 … 941 942 943 … 1,277

Արխիւներ