Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2017 տարեշրջանի ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, Փիւնիկ, որ հիւրը եղաւ Բանանցի, չկրցաւ իր ունեցած երկու կոլի առաւելութիւնը պահել հիւրընկալ կազմին նկատմամբ եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Մինչեւ մրցումին 76-րդ վայրկեանը Փիւնիկ կը յառաջանար 2-0 արդիւնքով` շնորհիւ Ալիկ Առաքելեանի տուպլէին (4-րդ եւ 47-րդ): Սակայն Բանանց յաջողեցաւ նշանակել 2 կոլ` շնորհիւ Նորայր Գէօզալեանի (76-րդ) եւ սերպ Նենատ Ինիանցի (90-րդ):