Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ նշեց, որ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նախօրեակին, «Սանիթա» ընկերութիւնը որոշեց դառնալ այս ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւնը:
Յայտնենք, որ «Սանիթա» նախապէս այլ առիթներով ալ եղած է պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողքին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ` Փիեռ Քախիա շնորհակալութիւն յայտնեց «Սանիթա» ընկերութեան տնօրէն Նաամաթ Աֆրամին` ախոյեանութեան հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար:



