Երէկ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ աւելի քան 83 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Անգլիոյ գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը («Քոմիւնիթի Շիլտ»), որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Անգլիոյ ախոյեան Չելսի եւ բաժակակիր Արսենալ:
Մարզիչ Արսեն Վենկերի կազմը Արսենալ, տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով յաղթելէ ետք Չելսիի (4-1):
Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Փենալթիները հարուածելու ընթացքին իրենց առաքելութեան մէջ չյաջողեցան Չելսիի մարզիկներէն երկուքը` Թիպօ Քուրթուա եւ Ալվարօ Մորաթթա: Իսկ անոնց խմբակից Փետրօ Ռոտրիկես 80-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Ռապըրթ Մետլի:



