Աւելի քան 81 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ տիրացաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ փենալթիներով 5-4 արդիւնքով յաղթեց բաժակակիր Պորուսիա Տորթմունտին: Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:
Տորթմունտի «Սիկնըլ Իտունա Փարք»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին յաղթական հռչակուեցաւ իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի կազմը, որ յաջողեցաւ յաղթել հոլանտացի մարզիչ Փիթըր Պոշի գլխաւորած խումբին: