Քանի մը շաբաթէ ի վեր շրջան ընող լուրերը` անուանի ֆութպոլիստ Նէյմարի վերաբերող, ի վերջոյ դադրեցան, երբ ան միացաւ իր նոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենին` լքելով իր ակումբը` Պարսելոնան:
Իր պաշտօնական կայքին միջոցով մայրաքաղաքի կազմը յայտարարեց անոր ժամանումին մասին` դիտել տալով, որ ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց եւ պիտի կրէ թիւ 10 մարզաշապիկը:
Նշուեցաւ, որ 3 օգոստոսի գիշերը 25 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչները Պարսելոնայի վճարեցին 222 միլիոն եւրօ` Նէյմարին տալով ազատ կարգավիճակ:
Սպանական լա լիկա-ն փորձեց խոչընդոտել այս տեղափոխութիւնը, սակայն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտնեց, որ նիւթական ֆեր-փլէյ-ի խախտումը կարելի է արձանագրել միայն երեք տարուան հաշուեկշիռի պատկերին լոյսին տակ:
Այս երեք տարուան ընթացքին ակումբը պէտք չէ ունենայ 30 միլիոն եւրոյէն աւելի կորուստ:
Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի, որ երէկ ներկայացուց Նէյմարը, դիտել տուաւ, թէ այս հարցով անհանգիստ մարդիկ, թող այցելեն իրենց եւ սուրճ խմեն միասին:
Նշենք, թէ կը նախատեսուի, որ ան մայրաքաղաքի կազմին հետ իր առաջին պաշտօնական մրցումը կատարէ յառաջիկայ 13 օգոստոսին, Կենկանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: