Լոնտոն-2017. Շուրջ 30 Աթլեթներ Ստամոքսային Հարցեր Ունեցան
Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան մասնակցող շուրջ 30 աթլեթներ ստամոքսային հարցեր ունենալու պատճառով ենթարկուեցան բժշկական յատուկ քննութիւններու: «Տը Կարտիըն»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Իսաքու Մաքվալա (Պոցուանա) չէ մասնակցած 200 մեթր վազքի մրցումներուն, իսկ իրլանտացի Թոմաս Պար` 400 մեթր արգելարշաւի մրցումին, որովհետեւ անոնք ունեցած են ստամոքսային զօրաւոր ցաւեր: Ախոյեանութեան մասնակցողներուն իջեւանած «Թաուըր» պանդոկը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Աթլեթիզմի...



