Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, սկզբունքով երէկ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ) տեղի պիտի ունենար ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անսար մրցումը:
Սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթ օր յայտնեց, որ այս մրցումը պիտի յետաձգուի եւ անոր կայացման նոր թուականը շուտով պիտի յայտարարուի` նկատի ունենալով, որ լիբանանցի իրաւարարները յատուկ դասընթացք – մարզումի մէջ են` պատրաստուելու համար Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան: