Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականը հինգ ըմբիշով պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան, յայտնեց խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար Յաբեթնակ Կուրղինեան:
Հաւաքականը երէկ վերադարձաւ Ռուսիայէն, ուր միացեալ հաւաք կատարեց Ռուսիոյ խումբին հետ:
Հայաստանի խումբին վերջնական կազմը կը յստականայ Օլիմփիաւանի մէջ տեղի ունենալիք հաւաքէն ետք:
Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21-27 օգոստոսին` Ֆրանսայի մէջ: