
Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը` Սթալ Քամիանսքէ, որ հիւրն էր Քարփաթիի, 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Սթալի եւ մրցումին առաջին կոլը փենալթիով նշանակեց Էտկար Մալաքեան` 8-րդ վայրկեանին:
Սակայն հիւրընկալ կազմը պատասխանեց երեք անգամ` 30-րդ, 64-րդ եւ 81-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն:
Անոր եղբայրը` Գոռ Մալաքեան, իրեն նման մրցումին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան:
Ցարդ իր կատարած չորս մրցումէն Սթալ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն: