2019-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 օգոստոսին, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Շուէտը, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 82-69 արդիւնքով:
Ինչպէս ծանօթ է, Ա. խմբակին մաս կազմող Հայաստան աշխարհի ախոյեանութեան իր նորամուտը նշեց յաղթանակով` յաղթելէ ետք Սլովաքիոյ (75-61):
Այս երկրորդ մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-23, 22-19, 13-16 եւ 26-11:
Հայրենի կազմը իր յաջորդ երեք մրցումները պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս` հետեւեալ ձեւով. 9 օգոստոս` Պոսնիա, 12 օգոստոս` Սլովաքիա եւ 16 օգոստոս` Շուէտ: Վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 օգոստոսին Երեւանի մէջ` Պոսնիոյ դէմ:
Յայտնենք, որ խմբակին առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան: