Լոնտոնի մէջ սկսած աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան առաջին ոսկի մետալին տիրացաւ անգլիացի վազող Մօ Ֆարահ (34 տարեկան):
Ողիմպիականի քառակի ախոյեան Ֆարահ 10 հազար մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրեց 26′ 49″ 53 արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ ուկանտացի Ճոշուա Շեփթեկէյ (26′ 49″ 94), մինչ պրոնզէ մետալին տիրացաւ քենիացի Փոլ Թանուի (26′ 50″ 60):
Այս ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ վերջինը Ֆարահի համար, որ այսպիսով դարձաւ աշխարհի վեցակի ախոյեան: Ան յայտարարեց իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելուն մասին: