
Երէկ` ուրբաթ, 4 օգոստոսին, ազդանշանը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 26-րդ ախոյեանութեան, երբ տեղի ունեցաւ 2017 տարեշրջանի Շիրակ – Ալաշկերտ բացման մրցումը:
Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ախոյեան Ալաշկերտ պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը` 2-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Արտյոմ Միքայէլեան (45+1) եւ Արամ Մուրատեան (54-րդ), իսկ Ալաշկերտի կոլը` Միհրան Մանասեան (28-րդ): Նշենք, որ Շիրակէն Ռոպերթ Դարբինեան, 5-րդ վայրկեանին չկրցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:
Ա. հանգրուանի մնացեալ երկու ճակատումները տեղի կ՛ունենան վաղը:
Ժամը 18:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Բանանց-1-ի դաշտին վրայ, Բանանց կը հիւրընկալէ Փիւնիկը, իսկ ժամը 19:00-ին, Գանձասար-Կապան` Արարատը, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ: