Արհեստավարժ կռփամարտի գերծանր կարգի, «Այ. Պի. Էֆ.»-ի, «Այ. Պի. Օ.»-ի, «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Էյ.»-ի եւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ Պի. Օ.»-ի վարկածներով աշխարհի նախկին ախոյեան Վլատիմիր Քրիչքօ` յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, որ վերջ պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին:
41 տարեկան ուքրանացին իր վերջին մենամարտը կատարեց այս տարուան 29 ապրիլին, Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ եւ նաք-աութով պարտութիւն մը կրեց անգլիացի Անթոնի Ճոշուայէն:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ ան կը կրէր յաջորդական երկու պարտութիւն:
Նախապէս ան պարտուած էր Թայսըն Ֆիուրիէն: Մինչեւ այս պարտութիւնը ան 11 տարի չէր պարտուած:
69 մենամարտի ընթացքին Քլիչքոն արձանագրեց 64 յաղթանակ (54-ը` նաք-աութով):
1996-ին ան դարձաւ նաեւ ողիմպիականի ախոյեան: