2019-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 օգոստոսին, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը` մրցելով Շուէտի դէմ:
Հայրենի կազմը, որ իր անկախութեան 25 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով կը մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան, իր առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց Սլովաքիոյ դէմ` 75-61 արդիւնքով:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի ընտրանին այսօր եւս յաղթանակ մը կերտէ: