Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիա-2017. «Նուհատ Նաուֆալ» Մարզադաշտին Դասաւորումները Ամբողջացան

August 7, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, 8-20 օգոստոսին Լիբանան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան կազմակերպիչները նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեցին, որ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին (Զուք) դասաւորումները ամբողջացած են եւ Լիբանան պատրաստ է ասիական այս մեծագոյն մրցաշարքը հիւրընկալելու:

Ներքին ապահովութեան ուժերը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրած են, որպէսզի երաշխաւորուի ախոյեանութեան մասնակցող 16 ազգային խումբերուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնք պատրաստ են հսկելու կարգ ու կանոնին, որպէսզի ոչ մէկ հարց ստեղծուի համակիրներուն դաշտ մուտք գործելու հոլովոյթին մէջ:

Իսկ մարզադաշտին կողքին յատուկ դասաւորում մը կատարուած է, որպէսզի ախոյեանութեան ամբողջ տեւողութեան կատարուին 3×3 պասքեթպոլի մրցումները, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 23:00, բոլոր տարիքի դասակարգերուն համար` հսկողութեամբ Քարլ Սարգիսի:

Ինչ կը վերաբերի կառատան, ապահովուած է երեք հազար ինքնաշարժներ դասաւորելու հարցը:

Ինչ կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք չեն ուզեր դաշտին մօտակայքը գտնուող կառատան մէջ զետեղել իրենց ինքնաշարժները, անոնց համար տրամադրուած պիտի ըլլան յատուկ փոխադրակառքեր:

Իսկ մարզիկներուն, պատասխանատուներուն, իրաւարարներուն եւ այլ անձերու համար պանդոկները պիտի ըլլան հետեւեալները. «Հիլթըն Հապթուր» (Սին Էլ Ֆիլ), «Ռեճընսի Փալաս» (Ատմա), «Ռեսթըն» (Մաամըլթէյն) եւ «Փրեզիտան» (օտար լրագրողներուն համար):

Մարզիկները իրենց փորձերը պիտի կատարեն Ժամհուրի (Պաապտա) եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի (Թանգարանի շրջան) դաշտերուն վրայ:

Ախոյեանութիւնը կը սկսի վաղը` երեքշաբթի:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար Մրցումը Յետաձգուեցաւ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.