Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը:
Բացման մրցումին ախոյեան Մոնաքօ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ տարեշրջանի բացման մրցումին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Թուլուզին:
«Սթատ Լուիս Բ.» դաշտին մէջ (Մոնաքօ) ներկայ էին աւելի քան 13 հազար հանդիսատեսներ:
Շուրջ 47 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, փոխախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ամիենը: Էտինսոն Քաւանի (42-րդ) եւ Խաւիէ Փաթորէ (81-րդ) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին կոլերը:
«Փարք տը Փրենս» դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին թրիպիւնէն հետեւեցաւ Սեն Ժերմենի միացած նորեկ ֆութպոլիստը` Նէյմար, որ լքելով իր ակումբը` Պարսելոնան, միացաւ ֆրանսական կազմին:
Ան պիտի մասնակցի Բ. հանգրուանի մրցումին: