Նէյմարի Շապիկները Կը Ծախուին Եւ… Կը Հրկիզուին
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը սկսաւ ծախել իր նոր մարզիկին, պրազիլցի Նէյմարին մարզական շապիկները: «Փարք տը Փրենս»-ի մարզադաշտին կից գտնուող վաճառատան առջեւ երկար շարքեր գոյացած են` այդ շապիկները գնել ուզողներու: Մինչ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի մէջ, անդին, Պարսելոնայի համակիրները, հիասթափած Նէյմարի տուած որոշումէն, փողոց իջած են ու կ՛այրեն անոր շապիկները: «Մարքա» կը յայտնէ, որ քաթալոնիական ակումբին համակիրները 25...



