Մարզական

Մանչեսթըր Եունայթըտ Պատրաստ Է Ռամոսին Համար Շաբաթական 105 Հազար Փաունտ Վճարելու

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Տէյլի Էքսփրես» կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ կը փորձէ իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ` Սերճիօ Ռամոսը, պատրաստ է անոր շաբաթական 105 հազար փաունտ վճարելու: Մայրաքաղաքի կազմին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին եւ ան ներկայիս բանակցութիւններ կը վարէ` իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու շուրջ: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ Ռամոսով հետաքրքրուած են...

Այս Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք. Սթիւըն Ժերար Պիտի Լքէ Լիվըրփուլը

Liverpool Echo-ի տուեալներով, ակումբի խմբապետ Սթիւըն Ժերար այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը: 34 տարեկան Ժերարի պայմանագրութիւնը` իր կազմին հետ, կ՛աւարտի այս տարեշրջանին աւարտին եւ ան մտադիր չէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Ժերար, որ Լիվըրփուլի սան է, իր ակումբին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 1998-էն ի վեր եւ ակումբին շապիկը կրած է 695 անգամ` նշանակելով 180 կոլ: Ցարդ անորոշ է, թէ ան...

Թեւեզ. «Պիտի Չերկարաձգեմ Պայմանագրութիւնս Եուվենթուսի Հետ»

Արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ չի պատրաստուիր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու իր ակումբին` Եուվենթուսի հետ: Ան ըսաւ, որ պիտի յարգէ մինչեւ 2016 իր ստորագրած պայմանագրութիւնը, սակայն զայն երկարաձգելու նպատակ չունի:

Page 1277 of 1277 1 … 1,276 1,277

Արխիւներ