Սպանական հանրածանօթ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» մարզաթերթին համաձայն, Լիվըրփուլի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիօ այսօր` երեքշաբթի, 8 օգոստոսին պաշտօնապէս պիտի միանայ Պարսելոնայի:
25 տարեկան պրազիլցի ֆութպոլիստին փոխանցման համար Պարսելոնա համաձայն գտնուեցաւ անգլիական ակումբին վճարել 100 միլիոն եւրօ:
Կը նախատեսուի, որ ան 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ քաթալոնական ակումբին հետ:
Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ Լիվըրփուլի կատարած վերջին մրցումին Քութինիօ բացակայեցաւ` մէջքի ցաւեր ունենալուն պատճառով: