Մարզական

Անգլիական Ֆութպոլ. Ուաթֆորտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտական

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ուաթֆորտը եւ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Այս վերջինէն ետք աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Ուաթֆորտ, որ երկարաձգումէն ետք 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վուլվզի դէմ: «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Ուաթֆորտ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց 104-րդ վայրկեանին: Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 մայիսին:  

Ռէալ Մատրիտ Պիտի Չծախէ Պենզեման

Սպանական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, թէ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ ամրան ընթացքին մտադիր չէ ծախել ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեման, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հեռանալէն ետք հետզհետէ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ: Ան այս տարեշրջանին ցարդ 48 մրցումի ընթացքին նշանակած է 26 կոլ: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբի մարզիչ Զինետին Զիտան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու պելճիքացի Էտեն Հազարը եւ...

«Մէյճըր Լիկ» Տիեկօ Մարաշլեան` Հեթրիքի Հեղինակ

«Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Միացեալ Նահանգներ) 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս Կալաքսի, որ մրցեցաւ «Տի. Սի.» Ուաշինկթընի դէմ, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լոս Անճելըսի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ ուրուկուէյահայ 21 տարեկան յառաջապահ Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան, որ հեթրիք մը իրագործեց: Չորրորդ կոլը նշանակեց Քարլոս Վելա: Եունայթըտէն 52-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ուէյն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով Հուփսի Դէմ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի Պէյրութ – Մութթահետ Մրցումին Յաղթականին Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն  ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 7 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը` իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան: Անոնց միջեւ այս ճակատումը երրորդն էր այս հանգրուանին ծիրին մէջ: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած նախորդ երկու մրցումները աւարտած էին ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Մութթահետ` 57-51

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը հիւրընկալեց Մութթահետը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 57-51 արդիւնքով, (կիսախաղ 29-21` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի): Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, կը գրաւէ առաջին դիրքը: Յայտնենք, որ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արայա Շաապի` 7-1

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 7 ապրիլին ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը 7-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արայա Շաապիի դէմ, Էմիլ Լահուտի անուան մարզադաշտին վրայ (Մար Ռուքոզ): Կիսախաղ` 3-0: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեւակ Օհանեան (6-րդ), Հայկ Խաչերեան (7-րդ), Խաչիկ Սերոբեան (14-րդ եւ 22-րդ), Երուանդ Մանասերեան (23-րդ), Մհեր Սիւրմենեան (30-րդ) եւ Վարագ Պալապանեան (38-րդ): Ստորեւ` դասաւորման...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Լիբանանի Ախոյեան` 7-րդ Ագամ Ըլլալով

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ահտ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ախա Ահլի Ալէյին, իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Պհամտունի դաշտին վրայ: Իսկ Նըժմէ - Անսար ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ, աւարտեցաւ Նըժմէի յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հասան Մաաթոք (76-րդ`...

Ասիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Հաշեմ Հայտար Նոր Նստաշրջանի Մը Համար Դարձեալ Վերընտրուեցաւ Անդամ

Շաբաթ, 6 ապրիլին, Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա - Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին 29-րդ համագումարը, որուն ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար նոր նստաշրջանի մը համար դարձեալ վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ասիական 47 երկիրներ, որոնցմէ 46-ը իրաւունք ունին քուէարկելու: Նոր ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուեցաւ պահրէյնցի Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆէ: Յայտնենք, որ Հայտար ապահովեց 35 ձայն...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականները Հասան Պաթում

Շաբաթ, 6 ապրիլին, Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները հասան Պաթում, ուր տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Մրցումները կը սկսին այսօր երկուշաբթի, 8 ապրիլին: Այսօր մրցասպարէզ դուրս կու գայ Իզապելլա Եայլեան (59 քկ): Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 40 երկիրներէ եկած 400 երկսեռ ծանրաբարձներ:

Եգիպտոսի Մէջ. Հայաստանի Լրագրողներու Հաւաքականը Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Եգիպտական Հուրղատա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Լրագրողներու միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականը գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով 4 յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ կրելով մէկ պարտութիւն (13 կէտ): Նոյնքան կէտ ապահովեց Եգիպտոսի հաւաքականը: Սակայն նկատի առնելով երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին արդիւնքը, Եգիպտոս հանդիսացաւ առաջին: Մրցաշարքին լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Վահրամ Մկրտչեան: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերմանիա, Պիելոռուսիա, Ուքրանիա եւ...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` Յաղթելէ Ետք Աթլեթիքօ Մատրիտին (2-0)

Շաբաթ, 6 ապրիլին, տեղի ունեցաւ «Լա լիկա»-ի` Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին Պարսելոնա հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը: Աւելի քան 92 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Պարսելոնա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լուիս Սուարեզ նշանակեց Պարսելոնայի առաջին կոլը (85-րդ), որմէ վայրկեան մը ետք Լիոնել Մեսսի` երկրորդը: Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին առաջին կէս ժամուն կորսնցուց իր մարզիկը` Տիեկօ...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Սիթի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Անգլիոյ գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի ապահովեց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրայթընի դէմ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Կապրիել Ժեզուս: Ուեմպլիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր աւելի քան 71 հազար հանդիսատես:  

Մանծուքիչ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Եուվենթուսի Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց խրուաթ յառաջապահ Մարիօ Մանծուքիչի հետ: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021: Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 32 տարեկան ֆութպոլիստին տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 4,5 միլիոն եւրօ, առանց յաւելավճարներու: Ան 2015-ին Աթլեթիքօ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Եուվէ, փոխան` 21 միլիոն եւրոյի: Ընթացիկ ախոյեանութեան ան 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց...

Պունտըսլիկա. Պայէրն Միւնիխ Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պորուսիա Տորթմունտը Եւ Անկէ Խլեց Առաջին Դիրքը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 28-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, իրարու դէմ մրցեցան Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ: Առաջինի դաշտին` «Ալիանց Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ գտնուեցան 75 հազար հանդիսատեսներ, Պայէրն Միւնիխ 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելով անկէ խլեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը` ունենալով մէկ կէտի առաւելութիւն (Պայէրն` 64 կէտ, Տորթմունտ` 63): Մաթց Հիւմելս բացաւ մրցումին հաշիւը (10-րդ),...

«Քալչիօ». Եուվենթուսի 27-րդ Յաղթանակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, Եուվենթուս հիւրընկալեց Ա. Սէ. Միլանը: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս արձանագրեց իր 27-րդ յաղթանակը եւ ապահովեց տարեշրջանի իր 84-րդ կէտը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլանի դէմ: Փաուլօ Տիպալա փենալթիով նշանակեց առաջին կոլը (60-րդ), մինչ երկրորդը` Մոյզ Քին (84-րդ):...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Վաղը` ՀՄԸՄ – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Հուփսի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումները աւարտած են ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Եթէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 4-3 Արդիւնքով Պարտութեամբ Մը Հրաժեշտ Տուաւ Բ. Դասակարգին

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը երէկ աւարտեցաւ, երբ տեղի ունեցան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին, 4-3 արդիւնքով պարտուեցաւ Իսլահ Պըրժ Շիմալիէն: ՀՄԸՄ-էն Սեմի Պիայ հեթրիք մը իրագործեց: Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մրցումներուն, Պըրժ յաղթեց Շապապ Պըրժին (3-2), Մապարրա - Նասեր Պար Էլիաս մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, Սաժես յաղթեց...

Ֆութպոլ. Վարժարաններու Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Խմբակին Մէջ` Պրազիլ, Սերպիա, Պելճիքա Եւ Ուրիշներ

Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցաւ աշխարհի վարժարաններու ֆութպոլի 26-րդ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը: Լիբանան, որ մաս կազմեց Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պրազիլը, Չինաստանը, Թայփէն, Պելճիքան, Սերպիան եւ Պուլկարիան: Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի խմբակը բաւական զօրաւոր կը նկատուի:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլին Տղոց Բաժակի Մրցաշարքի Կիսաւարտականի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 10 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Երեկոյեան ժամը 17:30-ին իրարու դէմ կը մրցին Ռիատի եւ Աթլաս, իսկ երեկոյեան ժամը 19:30-ին` ՀՄԸՄ եւ Մութթահետ: Աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ, ուրբաթ, 12 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ, Եուվենթուս - Ա. Սէ. Միլան Եւ Պայէրն Միւնիխ - Պորուսիա Տորթմունտ Գագաթի Ճակատումներ Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին երեք զօրաւոր եւ տաք ճակատումներ, որոնք պիտի գրաւեն լուսարձակները: Գագաթի այդ ճակատումները պիտի ըլլան Պարսելոնա - Աթլեթիքօ Մատրիտ, Եուվենթուս - Ա. Սէ. Միլան եւ Պայէրն Միւնիխ - Պորուսիա Տորթմունտ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն...

Page 715 of 1279 1 … 714 715 716 … 1,279

Արխիւներ