Շաբաթ, 6 ապրիլին, Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները հասան Պաթում, ուր տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Մրցումները կը սկսին այսօր երկուշաբթի, 8 ապրիլին:
Այսօր մրցասպարէզ դուրս կու գայ Իզապելլա Եայլեան (59 քկ):
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 40 երկիրներէ եկած 400 երկսեռ ծանրաբարձներ:



