Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը հիւրընկալեց Մութթահետը:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 57-51 արդիւնքով, (կիսախաղ 29-21` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի):
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Յայտնենք, որ երբ աւարտին մնացեալ մրցումները, պիտի սկսին դարձի մրցումները: