Շաբաթ, 6 ապրիլին, տեղի ունեցաւ «Լա լիկա»-ի` Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին Պարսելոնա հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Աւելի քան 92 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Պարսելոնա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լուիս Սուարեզ նշանակեց Պարսելոնայի առաջին կոլը (85-րդ), որմէ վայրկեան մը ետք Լիոնել Մեսսի` երկրորդը:
Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին առաջին կէս ժամուն կորսնցուց իր մարզիկը` Տիեկօ Քոսթան, որ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա, որ ունեցաւ 73 կէտ, 11 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունեցաւ նոյնինքն Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ:
Այս մրցումին, Մեսսի գերազանցեց Իքեր Քասիասը` Ռէալ Մատրիտի հետ հաստատած մրցանիշը` կատարելով «Լա Լիկա»-ի իր 335-րդ մրցումը:
Ռէալ Մատրիտ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Էյպարին, կը գրաւէ երրորդ դիրքը` 13 կէտով ետ մնալով Պարսելոնայէն: Քարիմ Պենզեմա նշանակեց Ռէալի երկու կոլերը (59-րդ եւ 81-րդ): Մրցումին ներկայ էր 50 հազար հանդիսատես: