Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ուաթֆորտը եւ Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Այս վերջինէն ետք աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Ուաթֆորտ, որ երկարաձգումէն ետք 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վուլվզի դէմ:
«Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Ուաթֆորտ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց 104-րդ վայրկեանին:
Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 մայիսին: