Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց խրուաթ յառաջապահ Մարիօ Մանծուքիչի հետ: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 32 տարեկան ֆութպոլիստին տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 4,5 միլիոն եւրօ, առանց յաւելավճարներու:
Ան 2015-ին Աթլեթիքօ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Եուվէ, փոխան` 21 միլիոն եւրոյի:
Ընթացիկ ախոյեանութեան ան 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ: