«Մէյճըր Լիկ» Տիեկօ Մարաշլեան` Հեթրիքի Հեղինակ
«Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Միացեալ Նահանգներ) 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս Կալաքսի, որ մրցեցաւ «Տի. Սի.» Ուաշինկթընի դէմ, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Լոս Անճելըսի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ ուրուկուէյահայ 21 տարեկան յառաջապահ Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան, որ հեթրիք մը իրագործեց: Չորրորդ կոլը նշանակեց Քարլոս Վելա:
Եունայթըտէն 52-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ուէյն Ռունի:
Մարաշլեան 6 մրցումի ընթացքին նշանակած է 6 կոլ: Անոր կազմը այժմ 16 կէտով կը գրաւէ արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական