Այսօր` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ, Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան Եւ Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Տորթմունտ Գագաթի Ճակատումներ
Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին երեք զօրաւոր եւ տաք ճակատումներ, որոնք պիտի գրաւեն լուսարձակները:
Գագաթի այդ ճակատումները պիտի ըլլան Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ, Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան եւ Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Տորթմունտ:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը).