Շաբաթ, 6 ապրիլին, Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա – Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին 29-րդ համագումարը, որուն ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար նոր նստաշրջանի մը համար դարձեալ վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ:
Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ասիական 47 երկիրներ, որոնցմէ 46-ը իրաւունք ունին քուէարկելու:
Նոր ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուեցաւ պահրէյնցի Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆէ:
Յայտնենք, որ Հայտար ապահովեց 35 ձայն եւ յատուկ պաշտօն մը ստացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆետերասիոնին մէջ: