Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 28-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, իրարու դէմ մրցեցան Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ:
Առաջինի դաշտին` «Ալիանց Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ գտնուեցան 75 հազար հանդիսատեսներ, Պայէրն Միւնիխ 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելով անկէ խլեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը` ունենալով մէկ կէտի առաւելութիւն (Պայէրն` 64 կէտ, Տորթմունտ` 63):
Մաթց Հիւմելս բացաւ մրցումին հաշիւը (10-րդ), մինչ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց 2 կոլ (17-րդ եւ 89-րդ):



