Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, Եուվենթուս հիւրընկալեց Ա. Սէ. Միլանը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս արձանագրեց իր 27-րդ յաղթանակը եւ ապահովեց տարեշրջանի իր 84-րդ կէտը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլանի դէմ:
Փաուլօ Տիպալա փենալթիով նշանակեց առաջին կոլը (60-րդ), մինչ երկրորդը` Մոյզ Քին (84-րդ):
Եուվենթուսէն կը շարունակէ դաշտ չներկայանալ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով):