Եգիպտական Հուրղատա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Լրագրողներու միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականը գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով 4 յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ կրելով մէկ պարտութիւն (13 կէտ):
Նոյնքան կէտ ապահովեց Եգիպտոսի հաւաքականը: Սակայն նկատի առնելով երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին արդիւնքը, Եգիպտոս հանդիսացաւ առաջին:
Մրցաշարքին լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Վահրամ Մկրտչեան:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերմանիա, Պիելոռուսիա, Ուքրանիա եւ Սուտան: