Մարզական

Քահրապա Ակումբի Ընտրութիւններ. Ալեն Սայեղ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Լիբանանի անուանի ակումբներէն մէկը նկատուող Քահրապա (Զուք Միքայէլ) ակումբին ընտրութիւնները տեղի ունեցան համախոհութեամբ` նկատի ունենալով, որ վարչութիւնը ընտրուած նկատուեցաւ առանց մրցակից ունենալու: Աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանումը` հետեւեալ ձեւով. Ալեն Սայեղ (նախագահ), Ժան Մամօ (փոխնախագահ), Զէյտ Պըթէյշ (ընդհանուր քարտուղար), Տիմա Քալաքեշ (գանձապահ), Ռոպեր Իմատ (պասքեթպոլի պատասխանատու), Ժալալ Պաայնօ (մարզական լրագրող), Շաուքի Ապու Շապքէ, Ժատ Տըայպես, Պասսամ Թըրք, Ֆուատ Սալիպա եւ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Պարսելոնայէն

Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի հանգրուանին ծիրին մէջ, տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Այաքս Ամսթերտամ հիւրընկալեց Եուվենթուսը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Պարսելոնան: Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անգլիոյ մէջ: Լիւք Շօ 12-րդ վայրկեանին սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց եւ այդ պատճառով անոր կազմը նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ գործող ախոյեանէն: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Ճիանլուքա...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Արսենալ – Նափոլի

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի երթի մրցումները: Չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Արսենալ պիտի հիւրընկալէ` Նափոլին, Պենֆիքա` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը, Սլաւիա Փրակա` Չելսին, իսկ Վիարէալ` Վալենսիան: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 29 մայիսին:

basketball LF

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ-Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի բաժակի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի պիտի ունենան այսօր, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Ժամը 17:30-ին Ռիատի կը մրցի Աթլասի դէմ, իսկ ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ իր դէմ կ՛ունենայ Մութթահետը: ՀՄԸՄ-ի կազմը իր կարելին պիտի ընէ յաղթանակ արձանագրելու եւ ապահովելու աւարտականին իր տոմսը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը ճիշդ 18:00-ին Պուրճ Համուտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Վերջապէս Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի ՀՄԸՄ-ի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի վերջին մրցումը կատարուեցաւ երէկ գիշեր, երբ ֆայնըլ-էյթի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Պէյրութ-Մութթահետ հինգերորդ ճակատագրական մրցումին, Պէյրութ բաւական պայքարելէ ետք հասաւ կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) երբ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ 84-70 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց հիւսիսային կազմին դէմ: PROFOTO Առաջին քորթըրին Պէյրութ ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը (24-20), իսկ երկրորդ քորթըրին` վեց կէտի գերակայութիւն մը (45-39):...

Ֆութպոլ. Աշխարհի Վարժարաններու Ախոյեանութիւն. Լիբանան 3-1 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սերպիոյ Դէմ

Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի վարժարաններու ֆութպոլի ախոյեանութեան երրորդ մրցումին Դ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1) կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ: Ապահովելու համար Բ. հանգրուանին իր տոմսը, Լիբանան պիտի սպասէ Պրազիլ-Պելճիքա մրցումին արդիւնքին` նկատի ունենալով, որ անոր հիմամբ պիտի ճշդուի առաջին եւ երկրորդ դիրքը գրաւող խումբին անունը:  

Լիբանանի Քոնկ Ֆու- Ուու Շու-ի Թաօ Լու-ի Բաժակի Մրցաշարք.  Այնճար Ամիթի 21 Մետալով Հանդիսացաւ Երրորդ

Լիբանանի Քոնկ Ֆու- Ուու Շու-ի Թաօ Լու-ի Բաժակի Մրցաշարք. Այնճար Ամիթի 21 Մետալով Հանդիսացաւ Երրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի քոնկ ֆու-Ուու Շու-ի ֆետերասիոնին, կիրակի, 7 ապրիլին «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քոնկ ֆու-Ուու Շուի, Լիբանանի Թաօ Լու-ի բաժակի մրցաշարքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւր երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ 9 ակումբները. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սքուեր Ֆիթ-Քլապ, Այնճար Ամիթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Սանթրալ, Հայ սեւ գօտիներու միութիւն, Նոթրը Տամ Լուէյզի եւ Պլեք Տրակոն: Ընդհանուր...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Սփիտ-Թեսթի 2-րդ Հանգրուանը Աւարտեցաւ  Ռոժէ Ֆըղալիի Յաղթանակով

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Սփիտ-Թեսթի 2-րդ Հանգրուանը Աւարտեցաւ Ռոժէ Ֆըղալիի Յաղթանակով

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի 7 ապրիլին «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ տեղի ունեցաւ Սփիտ-թեսթի 2-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 76 ինքնաշարժներու եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու: Անոր տիրացողը հանդիսացաւ Ռոժէ Ֆըղալի (Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-6), որ արձանագրեց 1'51''62 արդիւնք մը, երկրորդ հանդիսացաւ Փոլ Քասիֆի (Էվօ-8, 1'53''66) իսկ երրորդ` Տենի Մազլում (Էվօ-8, 1'58''10): Ոչ արհեստավարժներու մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Շարպել Մախլուֆ (կոլֆ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Թոթենհամ Յաղթական

Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ- Պարսելոնա «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած երկու ճակատումները աւարտեցան հիւրընկալ կազմերուն յաղթանակով: Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Փորթոյին, մինչ զուտ անգլիական ճակատումին, Թոթենհամ նուազագոյն հաշուով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Մանչեսթըր Սիթին: Լիվըրփուլի կոլերը նշանակեցին Նապի Քէյթա (5-րդ) եւ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ (26-րդ): Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ճակատումին, հարաւային քորէայի Սոն Հին...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Արսէն Յարութիւնեան  Յաղթեց Թուրք Ըմբիշին Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արսէն Յարութիւնեան Յաղթեց Թուրք Ըմբիշին Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 61 քկ դասակարգին մէջ, հիանալի եւ բացառիկ ելոյթ ունեցաւ 19 տարեկան Արսէն Յարութիւնեան: Արսէն Յարութիւնեան (աջին Ան քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 5-2 արդիւնքով շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց թուրք Ռեճեփ Թոփալի դէմ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի ռումանացի Նիքոլայ Օխլոփքովի դէմ:...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Իզապելլա Եայլեան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը

Պաթումի մէջ (Վրաստան) սկսաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն աղջկանց 59 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Իզապելլա Եայլեան երկամարտի մրցումներուն գրաւեց 5-րդ դիրքը` արձանագրելով 207 քկ արդիւնք մը: Ախոյեան հռչակուեցաւ Լաթվիոյ ներկայացուցիչը` Ռեպեքքա Քոհան, որ արձանագրեց 217 քկ արդիւնք մը: Մրցումէն ետք Ի. Եայլեան ըսաւ. «Կրնայի աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ, բայց սխալեցայ եւ չյաջողեցայ արդարացնել իմ վրաս դրուած յոյսերը, լարուածութիւնը խանգարեց...

Արամ Աւագեան Կը Մենամարտի` «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի Միջազգային Արծաթ Գօտին Պաշտպանելու Համար

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, «Փանչ- Պոքսինկ Փրոմոշընզ»-ը ներկայացնող Արամ Աւագեան 2 մայիսին պիտի մենամարտի: Այս լուրը հաղորդեց «Փանչ-Պոքսինկ-Արմենիա» մամլոյ քարտուղարութիւնը: Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունենալիք «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի միջազգային արծաթ գօտին պաշտպանելու համար Աւագեան պիտի ճակատի ամերիկացի Ֆրանչեսքօ Էսփարզայի դէմ: 24 տարեկան Աւագեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, ցարդ կատարած է 9 ճակատում եւ արձանագրած 8 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ը` Սպասողական Վիճակի Մէջ

Մութթահետ Յաղթեց Պէյրութին Եւ Պարտադրեց Հինգերորդ Մրցումը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ (ֆայնըլ-էյթ), երէկ գիշեր «Սաֆատի» մարզադաշտին վրայ (Թրիփոլի) տեղի ունեցաւ Մութթահետ - Պէյրութ չորրորդ ճակատումը: Պէյրութ, որ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէր Մութթահետին, յաղթանակի մը պէտք ունէր` ապահովելու համար ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն (կիսաւարտական) իր տոմսը: Սակայն հիւսիսային կազմը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, կէտի մը տարբերութեամբ`...

Ֆութպոլ. Աշխարհի Վարժարաններու Ախոյեանութիւն. Լիբանան 1-1 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Պրազիլի Հետ

Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցող աշխարհի ֆութպոլի վարժարաններու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան յաջողեցաւ լաւ ներկայացում մը ունենալով իր կատարած առաջին մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրել Պրազիլի հետ: Լիբանանի երկրորդ մրցակիցը եղաւ Չինաստան, որմէ ետք մայրիներու կազմը պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ: Իսկ իր կատարած երկրորդ մրցումի Լիբանան 2-0 արդիւնքով յաղթեց Չինաստանին:

Մասնակցութեամբ Երկու Հազար Երկսեռ Վազողներու.  Տեղի Ունեցաւ Ներքին Ապահովութեան Ուժերու 12-րդ Կէս-Մարաթոնը

Մասնակցութեամբ Երկու Հազար Երկսեռ Վազողներու. Տեղի Ունեցաւ Ներքին Ապահովութեան Ուժերու 12-րդ Կէս-Մարաթոնը

Կազմակերպութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերուն, հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասսանի, ներկայութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 7 ապրիլին, Թանգարանի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն 12-րդ կէս-մարաթոնը` մասնակցութեամբ շուրջ երկու հազար երկսեռ վազողներու: Անոր մասնակցեցան տարբեր ակումբներու եւ միութիւններու մարզիկներ, Լիբանանեան բանակէն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերէն տարրեր:...

Լիբանանի Հրացանաձգութեան Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը իր ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին մէջ (Ականջի եւ աչքի հիւանդանոցին մէջ, Նաքքաշ) գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի: Համագումարին ներկայ գտնուեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 12 ակումբներէն 8-ն, ինչ որ ժողովը դարձուց օրինական: Ներկաները վաւերացուցին վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները: Քննարկուեցան 2018-ին արձանագրուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփսի 12 Տարեկանէն Վար Տղոց Խումբը` Լիբանանի Տարիքային Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 12 տարեկանէն վար տղոց տարիքային ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Հուփս եւ Էներժի: Հուփս 56-48 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Ռիատի հանդիսացաւ երրորդ իսկ Ֆինիքիա (Պրէյզըրզ)` չորրորդ: PROFOTO Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի տիտղոսը յանձնեց յաղթական խումբին` ներկայութեամբ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսոյի: Աւարտական այս մրցումին ներկայ...

Փինկ Փոնկ.  Իւրայատուկ Օր` Նըժմէի Հրապարակին Վրայ

Փինկ Փոնկ. Իւրայատուկ Օր` Նըժմէի Հրապարակին Վրայ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 6 ապրիլին, Նըժմէի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Փինկ փոնկի օր»-ը` հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի: «Փինկ փոնկի օր»-ուան իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական, մարզական անձնաւորութիւններ, դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ: Անոր ներկայ եղան նաեւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան, Նետիմ Ժեմայել, Անուար Ժումաա, Ալեն Աուն, Էլիաս Հանքաշ, Սելիմ Խուրի,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ – Փորթօ Եւ Թոթենհամ – Մանչեսթըր Սիթի

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ: Այս չորս մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ներկայ դրութեամբ անգլիական խումբերը գերիշխած են այս մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ քառորդ աւարտականին հասած ութ խումբերէն չորսը անգլիական են: Այսօր Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Փորթոն, մինչ երկրորդին, որ պիտի ըլլայ զուտ անգլիական, Մանչեսթըր...

Ռաքիթիչ Համաձայն` Եուվենթուսին Միանալու

Իտալական մամուլը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի եւ աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ համաձայն գտնուեցաւ միանալու Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսին: Քաթալոնական ակումբին հետ պայմանագրութեան երկարաձգման գծով բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չի նշմարուիր: Պարսելոնա չի պատրաստուիր բարձրացնել անոր աշխատավարձքը եւ անոր առաջարկել նոր պայմանագրութիւն, որ պիտի երկարի երկար տարիներու վրայ: Եուվենթուս կ՛ուզէ ձեռք ձգել Ռաքիթիչը, որովհետեւ Սեմի Խըտիրային փոխարինող մը...

Page 714 of 1279 1 … 713 714 715 … 1,279

Արխիւներ