Սպանական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, թէ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ ամրան ընթացքին մտադիր չէ ծախել ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեման, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հեռանալէն ետք հետզհետէ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ:
Ան այս տարեշրջանին ցարդ 48 մրցումի ընթացքին նշանակած է 26 կոլ:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբի մարզիչ Զինետին Զիտան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու պելճիքացի Էտեն Հազարը եւ ֆրանսացի Փոլ Փոկպան: Սակայն անոնց ժամանումով խումբէն կրնան հեռանալ խրուաթ Լուքա Մոտրիչ եւ գերմանացի Թոնի Քրուս:



