Մարզական

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Մրցի Ռումանիոյ Դէմ

8 ապրիլին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի ուսումնամարզական հաւաքի մը, իսկ 12 ապրիլին պիտի մեկնի Ռումանիա, ուր 14 եւ 16 ապրիլին բարեկամական 2 մրցում պիտի կատարէ դաշտին տիրոջ դէմ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:

Պասքեթպոլ. Ուրարտու – «Վիվարօ»` Հայաստանի Բաժակակիր

Հայաստանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Ուրարտու - «Վիվարօ», 99-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Արցախի դէմ, հանդիսացաւ 2019-ի Հայաստանի բաժակակիր: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արցախէն Ալպերթ Թադէոսեան (21 կէտ): Կիսաւարտականին Ուրարտու յաղթեց Արագածին, իսկ Արցախ` Էրեբունի Սետարսին:  

Հայկական Ֆութպոլ. Երեւան Բարձրացաւ Բարձրագոյն Դասակարգ

Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող Երեւան, 2019-2020 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ բարձրագոյն դասակարգին: Անիկա ստացաւ այդ դասակարգին մասնակցելու արտօնագիրը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Ընթացիկ ախոյեանութեան, բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ կ՛ունենան 9 խումբեր: Անոնք են` Արարատ - Արմենիա, Փիւնիկ, Ալաշկերտ, Բանանց, Լոռի, Շիրակ, Գանձասար - Կապան, Արցախ եւ Արարատ:  

Կռփամարտ. Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչները Հասան Կիսաւարտականին

Անասիայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի երիտասարդական միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները հասնելով կիսաւարտականին, նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզ մետալ մը, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Քառորդ աւարտականին յաղթանակներ արձանագրեցին Ռուտոլֆ Գարբոյեան (49 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (75 քկ): Երիտասարդական հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աղամալեան, իսկ երկրորդ մարզիչը` Գարիկ Բաղդասարեան:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին Վերջին Մրցումը` Բ. Դասակարգին Մէջ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը կ՛աւարտի այսօր` 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներով: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, այսօր կը կատարէ իր վերջին մրցումը Բ. դասակարգին մէջ` նկատի ունենալով, որ եօթը անգամ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ, պիտի փոխադրուի Գ. դասակարգ: Այսօրոաւն մրցումին ՀՄԸՄ-ի կազմը Քֆարժոզի դաշտին վրայ, ժամը 15:30-ին, պիտի մրցի Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ: Ստորեւ մրցումներուն յայտագիրը. ԺԱՄ ԴԱՇՏ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ – Պէյրութ` 1-1. Պիպլոս – Ռիատի` 0-2

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ֆայնըլ-էյթի երկու ճակատումներ: Մութթահետ - Պէյրութ մրցումէն Սաֆատի մարզադաշտին վրայ (Թրիփոլի) Մութթահետ, որ հիւրընկալեց Պէյրութը, տասը կէտի տարբերութեամբ` 66-56 արդիւնքով, պարտութիւն մը կրեց: Առաջին երեք քորթըրներուն Մութթահետ ինք կը յառաջանար (16-13, 34-28, 48-47): Այժմ երկու կազմերուն միջեւ արդիւնքը 1-1 հաւասարութիւն է: Իսկ երկրորդ մրցումին Ռիատի, Ժիպէյլի մէջ,...

«ՖԻՖԱ» Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Նահանջեց 106-րդ Դիրք

Երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլին «ՖԻՖԱ»-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պոսնիայէն (2-1) եւ Ֆինլանտայէն (2-0) պարտութիւն կրած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, 5 դիրք նահանջելով, այժմ կը գտնուի 106-րդ դիրքին վրայ: Վերոնշեալ մրցաշարքին զտումի մրցումներուն Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Իտալիա` 17-րդ, Պոսնիա` 35-րդ, Յունաստան` 43-րդ, Ֆինլանտա`...

Դահուկարշաւ.  16-18 Փետրուարին Կրտսերներու Ախոյեանութիւն` Արզի Շրջանին Մէջ

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Վալ Տիզեր

Երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլին, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Վալ Տիզեր (Ֆրանսա)` իր մասնակցութիւնը բերելու Լասքարայի դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռեմոն Սըքքար, պատասխանատուն է Սելիմ Քէյրուզ, մարզիչները` Ժան Զըղէյպ, Մարթին Շթրապա, իսկ մարզիկները` Մարիա Լիոն, Թալա Սըմահա, Լէա Քայքանօ, Թամարա Խալաֆ, Մարիա Աֆիֆ, Քարեն Սըմահա, Սոֆի Քալլաս, Քրիսթա Ռահմէ, Սոֆիա Պարուտի, Էտմոն Սալամէ, Քարլ-Անտրէ Թապեթ, Շարպել Քէյրուզ, Զիահ...

Ուիլեմ-Բ. Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Օզպիլիսի Հետ

Հոլանտական Ուիլեմ-Բ. ֆութպոլի ակումբը իր պայմանագրութիւնը խզեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Արազ Օզպիլիսի հետ: 29 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ տրուած էր Ուիլեմ-Բ.-ի: Անոր փոխանցման իրաւունքը կը պատկանի թրքական Պեշիքթաշի: Այս շաբաթ հոլանտական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Օզպիլիս ժամանակաւորապէս տեղափոխուած էր Ուիլեմ-Բ.-ի: Պատճառը այն միջադէպն էր, որ տեղի ունեցած էր Ֆորթունայի դէմ մրցումին, երբ Օզպիլիս հրաժարած էր փոխարինուիլ այլ մարզիկով...

Ռոնալտօ Ապաքինած Է Եւ Դաշտ Պիտի Ներկայանայ Այաքս Ամսթերտամի Հետ

Սպանական Մարքա օրաթերթը յայտնեց, որ Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ապաքինած է արդէն եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Այաքս Ամսթերտամի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի երթի մրցումին: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 ապրիլին Ամսթերտամի մէջ, իսկ դարձի մրցումը պիտի կատարուի` 16 ապրիլին Իտալիոյ մէջ: 34 տարեկան Ռոնալտօ շատ հաւանաբար մասնակցի նաեւ այս շաբաթավերջին Ա. Սէ. Միլանի...

Նէյմար Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ` Նէյմար, վերսկսաւ իր ամբողջական փորձերուն: Տեղեկութիւնը փոխանցեց մայրաքաղաքի կազմին պաշտօնական կայքը: Ան վիրաւորուած էր 23 յունուարին, Սթրազպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Ֆրանսայի բաժակի մրցաշարք) եւ այդ պատճառով շուրջ տասը շաբաթէ ի վեր բացակայեցաւ դաշտերէն: Բժիշկները յայտնեցին, որ ան պէտք չունի վերաբուժութեան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Հուփսին` 75-69 Արդիւնքով Քիչ Մը Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրելէ Ետք

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներու Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 3 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Հուփս-ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումը, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ): Ինչպէս ծանօթ է, առաջին մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 88-80 արդիւնքով: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ Հուփսի պատասխանատուները համաձայն գտնուեցան դաշտին դռները բանալու ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն դիմաց, որպէսզի կարենան ներկայ գտնուիլ մրցումին եւ քաջալերել իրենց...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Ուրբաթ, 5 Ապրիլին` Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի աղջկանց 19 տարեկանէն վար ազգային խումբի պատուիրակութեան կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 26-30 ապրիլին, Վիեթնամի մէջ տեղի ունենալիք զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը: Պատուիրակութեան նախագահն է Համբիկ Միսաքեան, իսկ խումբին մարզիչը` Նատիա Ասսաֆ, որ իրեն օգնական ունի Ժոաննա Համզան: Ֆաթեն...

«Սարատար» Դրամատան Վազքի Մրցաշարք. Ռոզիկ Չոպանեան Եւ Լարա Մարկոսեան-Սարգիսեան Մասնակցեցան 10 Քմ Վազքի Մրցումին

Յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը կազմակերպեց աղջկանց վազքի մրցաշարքը, Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ, «Սարատար» դրամատան անուան տակ: Մրցաշարքին ընթացքին տեղի ունեցան 2,5 եւ 10 քմ-ի մրցումները: Հակառակ տեղացող անձրեւուն, աղջկանց այս մարաթոնին մասնակցեցան հարիւրաւոր աղջիկներ եւ կիներ` վազելով իւրայատուկ նպատակի համար: Ռոզիկ Չոպանեան (ձախին) եւ Լարա Մարկոսեան-Սարգիսեան Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ռոզիկ Չոպանեան եւ Լարա Մարկոսեան-Սարգիսեան,...

Կիրակոս Թնճուկեանի Անուան Պլոթի Մրցաշարք. Համբիկ Հաւաթեան – Միշել Քոնսթանթինեան Զոյգը` Տիտղոսակիր

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակոս Թնճուկեանի անուան 2019-ի պլոթի մրցաշարքը, որ երկարեցաւ երեք օրերու վրայ: Մրցաշարքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին կողմէ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 36 զոյգեր, իսկ մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Երուանդ Չէօրեքճեան: Համբիկ Հաւաթեան - Միշել Քոնսթանթինեան զոյգը տիրացաւ տիտղոսին: Երկրորդ հանդիսացաւ Շանթ Քէօսէեան - Արա Տէր...

Շաբաթ, 6 Ապրիլին. «Փինկ Փոնկի Օր»` Նըժմէի Հրապարակին Վրայ

Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ «Փինկ փոնկի օր», որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 6 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:30-էն սկսեալ, Նըժմէի հրապարակին վրայ: Անիկա տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեծ թիւով մարզիկներ եւ քաղաքացիներ, դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մարզական տարբեր պատասխանատուներ` տարբեր...

Հենրիխ Մխիթարեան. «Հաճելի Է Ստանալ Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Մրցանակը»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ստացաւ լոնտոնեան Արսենալի փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը: 30 տարեկան միջնապահ Մխիթարեան ըսաւ, թէ հաճելի է ստանալ լաւագոյն ֆութպոլիստի այս մրցանակը: Քուէարկութեան ընթացքին Մխիթարեան ստացաւ ակումբի համակիրներու ձայներուն 40 առ հարիւրը: Այս մրցանակին համար (փետրուար ամսուան) կատարուած քուէարկութեան արդիւնքին մէջ Մխիթարեան գերազանցեց իր քանի մը խմբակիցները, որոնք աւելի նուազ կէտեր ապահովեցին:  

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեսթպրուք` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Սաքրամենթոյի մէջ, Քինկզ 130-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հիուսթըն Ռոքեթցէն: Յաղթական կազմէն Ճէյմզ Հարտեն նշանակեց 36 կէտ: Օքլահոմա Սիթի 119-103 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Օքլահոմայէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ռասըլ Ուեսթպրուք (20 կէտ, 20 ռիպաունտ, 21 էսիսթ): Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 116-102 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին: Տեմարքուս Քուսինս (Ուորիըրզ) նշանակեց...

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ֆութպոլիստները

«Սի. Այ. Ի. Էս.»-ի համաձայն, աշխարհի ամէնէն սուղ փոխանցման արժէքը ունի Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ (228 միլիոն եւրօ): Երկրորդ դիրքին վրայ է Թոթենհամի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն (198 միլիոն եւրօ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Ռահիմ Սթերլինկ (Մանչեսթըր Սիթի, 187 միլիոն եւրօ): Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ չորրորդ դիրքին վրայ է (185 միլիոն եւրօ), իսկ լաւագոյն հնգեակը կ՛ամբողջացնէ...

Պարսելոնա Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Ռոտրիկօ Մորենոն

«Սփորթ-Էս.» կայքը կը հաղորդէ, որ այս ամրան, երբ մարզիկներու փոխանցումները սկսին, Պարսելոնա պիտի փորձէ ձեռք ձգել Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Վալենսիայի յառաջապահ Ռոտրիկօ Մորենոյի ստորագրութիւնը: Նախորդ ամառ Ռէալ Մատրիտ ուզեց ձեռք ձգել 28 տարեկան ֆութպոլիստը, սակայն անիկա փոփոխութեան ենթարկեց իր հետաքրքրութիւնը, երբ Վալենսիա յայտնեց, որ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 120 միլիոն եւրօ: Ան 2014-ին Սփորթինկ Լիզպոնէն փոխ տրուեցաւ Վալենսիային:...

Page 716 of 1279 1 … 715 716 717 … 1,279

Արխիւներ