Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ահտ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ախա Ահլի Ալէյին, իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Պհամտունի դաշտին վրայ:
Իսկ Նըժմէ – Անսար ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ, աւարտեցաւ Նըժմէի յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հասան Մաաթոք (76-րդ` փենալթիով):
Մրցումէն ետք հարցեր ծագեցան եւ օրուան իրաւարարները դաշտէն դուրս եկան զինուորականներու հսկողութեամբ: