Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Հուփսի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումները աւարտած են ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով:
Եթէ վաղը ՀՄԸՄ արձանագրէ իր երրորդ յաղթանակը, պիտի ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Պէյրութ – Մութթահետ մրցումին յաղթականը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի վաղը ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:
Յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Շիահի մէջ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:
Իսկ երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ռիատի Մանարայի մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Ռիատի 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Պիպլոսը:


