Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 7 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը` իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան: Անոնց միջեւ այս ճակատումը երրորդն էր այս հանգրուանին ծիրին մէջ:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած նախորդ երկու մրցումները աւարտած էին ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ մրցումը սկսաւ իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու նպատակով, մինչ Հուփս գլխաւոր նպատակ ունէր իր ամէն կարելին ընել յաղթանակ մը խլելու համար ՀՄԸՄ-էն, այլապէս անիկա դուրս պիտի մնար ախոյեանութենէն:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) իր տոմսը:
Հուփսի կազմը փորձեց իր ամէն կարելին ընել եւ ամէն գնով պայքարեցաւ յաղթանակ մը խլելու համար մարզիչ Ճօ Մուժահեսի կազմէն, բայց բոլոր փորձերը արդիւնքի չհասան` նկատի առնելով, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ոչ մէկ առիթ տուին, որ Ժատ Հաժի կազմը մրցումին տեւողութեան, նոյնիսկ կէտերու առաւելութիւն ալ ունենայ դաշտին տիրոջ վրայ, որ մրցումին ազդանշանին տրուելէն մինչեւ անոր աւարտը ոչ իսկ մէկ շունչ տուաւ անոր:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ ունեցաւ ութ կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը` 25-17 արդիւնքով:
Իսկ առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ քսան կէտի տարբերութեամբ մը (բնականաբար` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի)` 46-26 արդիւնքով:
Երրորդ քորթըրին եւս քսան կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` 65-45 արդիւնքով:
Վերջապէս, մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի 25 կէտի բաւական հանգիստ յաղթանակով` 87-62 արդիւնքով:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) իր տոմսը, ուր կը մրցի Պէյրութ-Մութթահետ մրցումին յաղթականին դէմ:
Անոնց միջեւ այժմ արդիւնքը 2-1 է` ի նպաստ Պէյրութի:
Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 8 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Թրիփոլիի մէջ, Սաֆատի մարզադաշտին վրայ:
Հիւսիսային կազմին յաղթանակին պարագային տեղի պիտի ունենայ հինգերորդ եւ ճակատագրական վերջին մրցումը` Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-էն առաջ կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված էին Շանվիլ եւ Ռիատի, որոնցմէ մէկը պիտի չկարենայ հասնիլ աւարտականին, երբ անոնք կիսաւարտականին ճակատին իրարու դէմ:
Վերադառնալով Հուփսի դէմ կատարուած մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ոչ մէկը 24 վայրկեանէն աւելի դաշտ ներկայացաւ` նկատի առնելով մրցակից կազմին քիչ մը տկար ելոյթը, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ Հուփսի օտարական մարզիկը` Ուիլի Ուորըն, որ գրեթէ առանձինը կէս խումբ է, քիչ մը կաղալով կը խաղար:
Աւելի ուշ ան արդէն իսկ նստած էր պահեստի աթոռներուն վրայ, ոչ այդքան լաւ վիճակի մէջ, ինչ որ լաւ անդրադարձ մը չունեցաւ անոր կազմին վրայ:
Անոր խմբակից Ալի Մանսուր բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալով տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 12 ռիպաունտ):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ (15), ապա` Ժերար Հատիտեան (13):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները նշանակեցին 14 թրի-փոյնթ (30 փորձերէ ետք), մինչ Հուփս` 5 (29 փորձերէ ետք):
Վերջապէս, յիշատակութեան արժանի եղան Հատիտեանի կողմէ կատարուած երկու պլոք-շաթերը:
PROFOTO